ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ Համազգայինի շքանշանակիր, վաստակաշատ քանդակագործ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ,
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԴԱՍԸ,
ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԸ,
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ,
եւ
ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան երէց անդամներէն եւ Պաղտատի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ`
ԱՐՀԻ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԱՐՔ. ՏԱՊՊԱՂԵԱՆԻ
(1933-2018)
վախճանումը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերի առաւօտուն:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի ուրբաթ, 14 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ, յընթացս հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին` նախագահութեամբ կաթողիկոս պատրիարքին: Ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ, իսկ շաբաթ, 15 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-13:00, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Ժեհթաուի, Պէյրութ:
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Ազգային իշխանութիւնները կը գուժեն լիբանանահայ բազմավաստակ քանդակագործ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը կը գուժեն լիբանանահայ բազմավաստակ քանդակագործ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Տարիա Խտըշեան-Չափարեան եւ զաւակը` Ալպերթօ
Տիկին Սեդա Ունճեան
Տիկին Անժելա Խտըշեան
Խտըշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Տիգրան Պէյլերեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Կրէյս Ֆատտուլ-Պէյլերեան եւ զաւակները` Երուանդ, Րաֆֆի եւ Տանիէլ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Պէյլերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Պէյլերեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Պէյլերեան եւ զաւակունք
Պէյլերեան եւ Գալպայեան ընտանիքներ
Թաթարեան եւ Ֆատտուլ ընտանիքներ
Թուֆենքճի եւ Լալայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԵՐՈՒԱՆԴ ՅԱԿՈԲ ՊԷՅԼԵՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 14 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Խաչվերացի մեռելոցին` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, հաւաքական հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն եւ հանգուցեալ ժողովականներուն համար:
Հոգեհանգիստին պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Հոգեհանգիստին պիտի մասնակցի թեմիս քահանաներու դասը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
—————————————
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 103-ԱՄԵԱԿ-Ի
ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 79-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018:
Աւանդական տոհմիկ երեկոյ.- ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:
Ելոյթ կ՛ունենան թենոր Գէորգ Հաճեան, լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:
Շաբաթ, 15 սեպտեմեր 2018:
Ժողովրդային տօնախմբութիւն`
Հովանաւորութեամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
* Ժողովրդային քայլարշաւ.- Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն Մուսա լերան յուշարձան համալիր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
* Պաշտօնական հանդիսութիւն
Պատգամախօս` ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ կ՛ունենայ հանրածանօթ երգիչ`
(թենոր) ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի
Երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ:
* Տեղի պիտի ունենայ նաեւ մատաղի պատրաստութիւն` կազմակերպութեամբ
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:
Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018:
Սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հոգեհանգստեան արարողութիւն Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ`
ԱՐՀԻ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
Օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ Ս. պատարագին, թափօր տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ`
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի դասաւանդութիւնները պիտի վերսկսին 10 հոկտեմբեր 2018-ին: Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-8.00 եւ կը շարունակուին մինչեւ 31 մայիս 2019:
Ութ ամիսներու վրայ երկարող այս անվճար դասընթացքին հետեւողները պարտին ունենալ նուազագոյնը երկրորդական վարժարանի համապատասխան վկայական:
Նոր ուսանողները արձանագրութեան կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար պարտին ներկայանալ կաթողիկոսարանիս Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերէն մինչեւ շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 8:30-12:00: Նախորդ տարեշրջանի ուսանողները` նմանապէս, վերահաստատելու համար իրենց մասնակցութիւնը: Ուշացողներ նկատի պիտի չառնուին: Հեռաձայնի թիւ` 04/ 410001:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են: Յառաջիկայ շաբաթ, քոլեճիս գրասենեակները բաց են միայն երեքշաբթի, 18 եւ չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին: Գրասենեակները փակ կը մնան երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին` Ս. Խաչի մեռելոցին, հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերին` Աշուրայի եւ ուրբաթ, 21 սեպտեմբերին` Հայաստանի Բ. անկախութեան տօներուն առիթով:
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ վերամուտը` քոլեճին բոլոր բաժիններուն մէջ, տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին, փոխան երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին:
Երեք բաժիններով` ԺԲ. եւ Թ. կարգերու դասաւանդութիւնը սկսած է, ինչպէս նաեւ մանկամսուրը, իր երկու բաժիններով, արդէն իսկ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկները:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Անձնաթուղթի լուսապատճէն
– 2 լուսանկար
– Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
– Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճին մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:
Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը հրաւիրէ ձեզ իր նորաբաց վարժարանին «Բաց դռներ»-ու միջոցառումին, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00 եւ երեկոյեան ժամը 6:00-8:00:
Յիշեցում.-
2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
Իսկ այս տարեշրջանին համար դպրոցը կը տրամադրէ փոխադրութեան անվճար սպասարկութիւն:
Մխիթարեան վարժարան…
21-րդ դարու ուսումնարան:
Հասցէ` Ռաուտա. հեռաձայն` 76/316042
Whatsapp 81/433257
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստներու վարպետ կարող: Դիմել` հեռ. 03/164767:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի իր ցուցադրասրահին մէջ վաճառող երիտասարդ օրիորդի մը: Հեռ. 03-412442: