Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Եռակողմ Վեհաժողով. Իտլիպի Հարցին Լուծում Փնտռելու Շուրջ Համաձայնութիւն

September 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեցին, որ վճռակամ են վերջ տալու ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային, ինչպէս նաեւ Իտլիպի կացութեան լուծումը որոնելու:

Երեք նախագահներու Թեհրանի մէջ գումարած վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը նշեց, թէ Իտլիպ գտնուող ահաբեկիչները աշխատանք կը տանին ականահարելու Սուրիոյ անվտանգութիւնը, անոնց կոչ ուղղեց` իրենց զէնքերը վար դնելու, ինչ որ կրնայ փրկել այդտեղ գտնուող քաղաքայինները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Սուրիան ամբաստանել քիմիական զէնքի գործածութեան յանցանքով, որպէսզի անոր դէմ յարձակում գործեն եւ անոր ներքին հարցերուն միջամտեն:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ մերժեց Սուրիոյ մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն եւ կոչ ուղղեց` աճապարելու սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան:

Ռուհանի վեհաժողովի բացման ընթացքին յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը անխուսափելի է` փոխարէնը շեշտելով տագնապի քաղաքական լուծումի կարեւորութիւնը: Ան յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծումը կրնայ շրջանի այլ տագնապներու լուծման բնորդ մը ըլլալ:

Ռուհանի ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ զինուորական պայքարը բաւարար չէ` կոչ ուղղելով բազմազանութեան ընդունման ճամբով խաղաղութեան հաստատման համար աշխատելու եւ քաղաքական լուծումի գոյացման համար երկխօսութիւն կատարելու:

Իրանի նախագահը շեշտեց, որ Իտլիպէն ետք կարգը պիտի գայ Եփրատի արեւելեան ափը օտար ներկայութենէն ազատագրելուն: Ան ըսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը Դամասկոսի օրինական կառավարութեան պահանջով է` նշելով. «Սուրիոյ մէջ առանց այդտեղի օրինական կառավարութեան խնդրանքին որեւէ ներկայութիւն պիտի չըլլայ»: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան միջամտութիւնները ապօրինի են եւ Ապահովութեան խորհուրդի որեւէ որոշումի համահունչ չեն:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Իտլիպի մէջ բոլոր յարձակումները պիտի աւարտին մարդկային աղէտով»: Ան ըսաւ, թէ Իտլիպի դէմ յարձակումը պատճառ պիտի դառնայ տասնեակ հազարաւորներու տեղահանութեան. անոնք պիտի ուղղուին Թուրքիա:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ Իտլիպի հարցին խաղաղ լուծումը աւելի լաւ պիտի ըլլայ եւ Իտլիպի շուրջ որեւէ համաձայնութիւն պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ խաղաղ ապագային հիմքը:

Ան նաեւ յայտնեց. «Այն ինչ որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ տեղի կ՛ունենայ ուղղակիօրէն կ՛ազդէ Թուրքիոյ անվտանգութեան վրայ»: Ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի պատրուակով օտար զինեալներ մուտք կը գործեն այդ շրջան:

Էրտողան ըսաւ, թէ իր երկիրը հետաքրքրուած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութեամբ եւ այդտեղ պիտի մնայ մինչեւ որ «ահաբեկչական վտանգը չքանայ»: Ան նշեց, որ վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին 12 կէտեր:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Իտլիպ գտնուող ահաբեկիչները կը նախապատրաստեն սադրիչ արարքներ, ներառեալ` քիմիական զէնքի օգտագործում»:

«Իտլիպի մէջ բազմաթիւ քաղաքայիններ կան, եւ այդ իրողութիւնը պէտք է նկատի առնուի», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց, որ «այսօր եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին մեր որդեգրելիք որոշումները պիտի նպաստեն Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման»` աւելցնելով. «Սուրիական օրինական կառավարութիւնը իրաւունք ունի եւ պէտք է ի վերջոյ իր վերահսկողութեան տակ առնէ իր ամբողջ ազգային տարածքը»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Սուրիոյ Կառավարութեան Քարիւղ Մատակարարող Ընկերութիւններու Դէմ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.