Միացեալ Նահանգներ չորս անձերու եւ հինգ կազմակերպութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատած են Սուրիոյ կառավարութեան քարիւղի եւ սպառազինութեան մատակարարման մասնակցելնուն համար:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան 6 սեպտեմբերին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Սեւ ցուցակին վրայ յայտնուած են Լիբանանի երկու, Սուրիոյ երկու եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէկ ընկերութիւն, ինչպէս նաեւ երեք սուրիացիներ եւ լիբանանցի մը: