Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ամսուան վերջաւորութեան կը պատրաստուի այցելելու Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ նախագահի միջազգային հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովին:
Յայտնի է, որ նոյն օրերուն Փութին պիտի այցելէ նաեւ Տաճիկիստան եւ Ուզպեքիստան:
Ուշաքով յայտնած է, որ մինչեւ այս տարուան վերջ Ռուսիա կը պատրաստուի հիւրընկալելու Ռուսիա-Իրան-Ազրպէյճան եռակողմ վեհաժողովը:
«Մեր կարգն է հիւրընկալելու հանդիպումը, պիտի քննարկենք գործընկերներուն հետ, թէ ե՛րբ անոնց յարմար է», ըսած է Ուշաքով:
Նշենք, որ 15 սեպտեմբերին Պաքու պիտի այցելէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Միօրեայ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի հանդիպում Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնատարներու հետ:
Յիշեցնենք, որ 1 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Փութինի հանդիպումը: Բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ստորագրուած էին շարք մը միջպետական եւ միջնախարարական փաստաթուղթեր: Քննարկուած էր նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցը: