Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախիջեւանի Մէջ Թրքական Ռազմակայան Ստեղծելու Անհրաժեշտութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Փեքին

September 5, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան վարչութեան նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հաքը Փեքին յայտարարած է, թէ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայան ստեղծելու անհրաժեշտութիւն չկայ` այսպիսով մեկնաբանելով թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթի հրապարակած տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Անգարա մտադիր է ռազմակայան հաստատել Նախիջեւանի մէջ:

«Նախիջեւանի մէջ կը գտնուի Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զօրամիաւորումը, Թուրքիան անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրէ: Այնտեղ կը գտնուին մեր զինուորական խորհրդատուները, Թուրքիան սերտօրէն կը համագործակցի Նախիջեւանի սահմանապահ զօրքերուն եւ մասնայատուկ ուժերուն հետ: Երբ Ազրպէյճանէն անկարելի է վառելանիւթ ուղարկել Նախիջեւանի զօրքին համար, Թուրքիան, երբեմն ալ Իրանը վառելանիւթ կ՛ապահովեն ինքնավարութեան զինուորական ուժերուն», ըսած է Փեքին` ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:

Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայանի յայտնուիլը կասկածներ կը յառաջացնէ Իրանի մօտ:

«Նախիջեւանը մէկ կողմէ սահմանակից է Հայաստանի, միւս կողմէ` Թուրքիոյ: ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի ռազմակայանի դրացնութեամբ յայտնուիլը կրնայ Իրանի մօտ որոշակի լարուածութիւն յառաջացնել: Եւ ընդհանրապէս, Նախիջեւանի մէջ ռազմակայան ստեղծելը որեւէ իմաստ չունի, քանի որ Թուրքիան առանց ատոր ալ ինքնավարութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւն կը տրամադրէ: Այժմ կը սերտուի Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական հանրապետութեան մէջ ծովային ռազմակայան ստեղծելու հարցը: Մենք պէտք է մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ատոր վրայ», ըսած է ան:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Թուրքիան մտադիր է ռազմակայան հաստատել Նախիջեւանի մէջ: Այդ տեղեկութիւնը հրապարակած է թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Զէյնեփ Կիւրճանլըն` իր հերթական յօդուածին մէջ:

«Որքանո՞վ կրնան Անգարան ու Մոսկուան համագործակցութեան մէջ մտնել Կովկասի մէջ: Անգարայի փակ դռներու ետին քննարկուող շատ կարեւոր նիւթ կայ` Թուրքիան Սոմալիէն ու Քաթարէն ետք իր երրորդ արտասահմանեան ռազմակայանը կ՛ուզէ հաստատել Նախիջեւանի մէջ, եւ արդէն անցած է գործի: Ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ մեր նոր «ռազմավարական գործընկերը» ատոր», հարց տուած էր թուրք սիւնակագիրը` յիշեցնելով հայ-ռուսական ռազմավարական սերտ համագործակցութեան մասին:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Յայտարարութիւնները Կը Թէժանան. Արդեօք Անիկա Զերօ Կէտի՞ Վերադարձաւ

Յաջորդը

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում` 8 Սեպտեմբերին

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.