Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու ամերիկեան որոշումին համար ընտրուած պահը իսրայէլեան շահերուն կը ծառայէ:
Ան նշեց, որ Թել Աւիւը կ՛ուզէ շրջագծային համաձայնագիրի հեղինակութեան ամրագրման միջոցով միացեալ յանձնախումբերու ճամբով հասնիլ Լիբանանի հետ անմիջական կապի հաստատման եւ այդպիսով անցնիլ նոր փուլի, հակառակ այն իրողութեան, որ այս համաձայնագիրին հետ կապուած բանակցութիւնները անցեալ ժամանակահատուածին Լիբանանի օգտին որեւէ արդիւնքի չեն յանգած, եւ իսրայէլացիները կը շարունակեն իրենց յարձակումները, որոնք կը վկայեն յաջորդ փուլին աւելի մեծ ծաւալապաշտական մտադրութիւններու մասին:
Երեսփոխանը ըսաւ, որ վերջին երկու օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգները Լիբանանի շահագրգիռ կողմերուն տեղեկացուցին, որ միջազգային ուժերու ներկայ ձեւը այլեւս քննարկումէ դուրս բերուած է, յատկապէս որ հիմնականը ամերիկեան դիրքորոշումն է, եւ, ցաւօք միջազգային մակարդակով որոշում տուողը ամերիկեան կողմն է:
Ան յայտնեց, որ կարեւորագոյնը ձեւը չէ, այլ բովանդակութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանան կը ձգտէր ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման ճամբով թէ՛ ձեւը, թէ՛ բովանդակութիւնը պահպանելու, սակայն ամերիկացիները, կարծէք, այլ տեղ են, եւ կը փնտռեն բանաձեւ մը, որուն ստեղծման կը նպաստեն իսրայէլացիները:
Հաշեմ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վրայ առաջարկուող բարեփոխումներուն նպատակը շրջագծային համաձայնագիրի ամրապնդումն է, ինչ որ կարելի է բնութագրել իբրեւ ծուղակ, որուն մէջ Լիբանանը պէտք չէ իյնայ` ատոր հետեւանքներուն պատճառով:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանը ի վիճակի է դիմակայել այդ ծուղակը միասնական ազգային ներքին դիրքորոշման միջոցով` նշելով, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի դիրքորոշումը թիւ 1701 որոշումին վրայ պնդում կը պարունակէ, սակայն Պըրրին աւելի հեռու երթալով յայտարարեց, որ կը մերժէ շրջագծային համաձայնութիւնը:


