Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 2 սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուածներուն, յատկապէս` Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի անկախութեան: «Ասիկա ո՛չ միայն անկախութեան, այլ նաեւ յաղթանակի ու ապագայի նկատմամբ վստահութեան օր է: Ասիկա այն օրն է, երբ մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը վերադարձուց հպարտութիւնը, յաղթանակի քաղցր զգացողութիւնը, վստահութիւնը` իր ուժերուն եւ ապագային նկատմամբ:
«Մեր ամբողջ ժողովուրդին համար ասիկա առաքելութեան եւ ազգային ինքնութեան օր է: Հոգիս լեցուած է հպարտութեամբ, ուրախութեամբ, սակայն այս պահուն այստեղ, այս յուշահամալիրին մէջ գտնուելով, չեմ կրնար չմտածել, թէ յաղթանակը, հպարտութիւնը, ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը բաւական սուղ գինով ձեռք բերուած են` մարդկային լաւագոյն կեանքերով: Մեր տղաները իրենց կեանքը ի զուր չեն տուած. տուած են անոր համար, որ այս երկիրը դառնայ աւելի հզօր, որ ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած հայութիւնը, մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը` Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կարենայ կառուցել իր հպարտ, ուժեղ ու հզօր հայրենիքը», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:
Նոյն օրը առաւօտուն նախագահ Արմէն Սարգսեան Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները կարեւոր նկատած են երկկողմանի կապերու շարունակական ընդլայնումն ու խորացումը: