Իսրայէլի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի դատավարութեան ժամանակ վկայութիւն ներկայացնելու, որ անօդաչու թռչող սարքեր պատրաստող իսրայէլեան «Էյրոնոթիք Տիֆենս Սիսթըմզ» ընկերութեան աշխատակիցները անցեալ տարի Ազրպէյճանի մէջ իրենց սարքերը փորձարկելու ժամանակ մտադրուած եղած են հարուածել Արցախի մէջ հայկական դիրքերը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը` նշելով, որ դատարանին մէջ իբրեւ մեղադրեալներ հանդէս պիտի գան ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ամոս Մաթանը, անոր տեղակալ Մէյիր Ռիզմովիչը, զարգացման հարցով տնօրէն Հայիմ Հիւաշարը եւ շուկայադրումի հարցով տնօրէն Տէյվիտ Կոլտինը:
29 օգոստոսին կատարուած այս յայտարարութիւնը յաջորդած է Իսրայէլի ոստիկանութեան Միջազգային յանցագործութիւններու հետաքննութեան բաժանմունքի, պաշտպանութեան նախարարութեան հետաքննութեան բաժանմունքի եւ դատախազութեան` շուրջ մէկ տարի տեւած միացեալ հետաքննութեան:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ մեղադրեալները կը կասկածուին խարդախութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանական սարքերու արտածման վերահսկման մասին օրէնքի այլ խախտումներու մէջ:
Յիշեցնենք, որ 2017-ի աշնան Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները իսրայէլեան նոր անօդաչու թռչող սարքերու գործարկման կարելիութիւնը քննելու ատեն երկիր եկած իսրայէլացի մասնագէտներէն խնդրած են ցուցադրել «Օրպիթըր 1Քէյ Քամիքազ» անօդաչու թռչող սարքի կարելիութիւնները` հարուածելով շփման գիծին վրայ գտնուող հայ զինուորներու դիրքերը: Սարքերը աշխատցնող իսրայէլացիները մերժած են, սակայն իսրայէլեան ընկերութեան ղեկավարները իրենք հարուածած են: Սարքերէն մէկը ինկած է Հայաստանի բանակի դիրքերէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:



