Ռուսիան պիտի մերժէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը Հայաստանին արտայանձնել, որովհետեւ ան Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իր աղբիւրին:
«Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը արտայանձնելու մասին դիմում ստացած են, եւ այժմ ատիկա կը գտնուի քննարկման փուլի մէջ», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը` մանրամասնելով, որ արտայանձնումը պիտի մերժուի, որովհետեւ Յարութիւնեանը 2002-էն ի վեր ռուսական անձնագիր ունի:
Աղբիւրը չէ բացայայտած Ռուսիոյ եւ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու նամակագրութեան մանրամասնութիւնները` նշելով միայն, որ դիմումը ստացուած է Ռուսիոյ մէջ Ինթըրփոլի Ազգային կեդրոնական գրասենակին ճամբով:
Ռուսիոյ սահմանադրութեան համաձայն, երկրի ոեւէ քաղաքացի չի կրնար արտայանձնուիլ այլ երկրի` նոյնիսկ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուելու համար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, գնդապետ-զօրավար Միքայէլ Յարութիւնեան կը մեղադրուի 2008-ին սահմանադրական կարգը տապալելու յանցանքով: