Կիրակի, 26 օգոստոսին, մահացաւ Արարատ-Երեւանի անցեալի անուանի բերդապահ Ալեոշա Աբրահամեան:
Ան ծնած էր 28 օգոստոս 1945-ին, Գիւմրիի մէջ Լենինական):
1973-ին ան Արարատի կազմին հետ հանդիսացաւ նախկին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր: Ան իր կազմին հետ կատարեց 276 մրցում:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք ան կը զբաղէր մարզիչի աշխատանքով:
10 հոկտեմբեր 2013-ին հայկական ֆութպոլի զարգացման մէջ իր ունեցած ներդրումին համար ան «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» պարգեւատրուեցաւ առաջին կարգի մետալով: