Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար բոլոր խումբերն ալ կը զօրացնեն իրենց կազմերը:
Ախա Ահլի Ալէյ երէկ իր կազմին միացուց Հապիպ Շուայեխը (23 տարեկան), որ լքելով իր ակումբը` Իսլահ Պըրժ Շիմալին, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:



