Խմբագրական
Ճգնաժամ
– Տխո՜ւր, շա՛տ տխուր լուրով մը աշխարհ արթնցաւ 21 օգոստոսի առաւօտ: Գիշերը Կարմիր բանակը մտած էր Չեխոսլավաքիա` իրեն հետ բերելով ամբողջ եղերախումբը լեհ, հունգար, պուլկար եւ արեւելագերմանական զօրքերուն:
Այն պահուն, երբ այս տողերը կը յանձնուին թուղթին, դէպքերը թաւալգլոր ընթացք մը առած են Մազարիքի երկրին մէջ, որ յանուն ազատութեան եւ ազգային ինքնուրոյն դիմագծի, կը ջանար ձերբազատիլ «հոգածու բարեկամներէն»` փոխարէնը տալով իսկական բարեկամութեան մը բոլոր հաւաստիքները:
Բայց բռնատիրութիւնները ե՞րբ է որ կրցած են գնահատել իսկական բարեկամութեան գինը եւ չեն դիմած կոյր ուժին` իրենց կամքը պարտադրելու համար ժողովուրդներուն:
Խորհրդային Միութիւնը նորագոյն փաստը տուաւ այս պատմական ճշմարտութեան` վերջին տասնամեակներու ընթացքին տալէ ետք` բազմաթիւ այլ փաստեր, որոնցմէ ամէնէն արիւնալին եղաւ Պուտափեշտինը:
Տակաւին շատ կանուխ է եզրակացութիւններու յանգելու համար: Բայց, ինչ որ ալ պատահի, Մոսկուա այս անգամ դժուար թէ կարողանայ վերականգնիլ բարոյական այն վարկաբեկումէն, որուն ենթարկեց ինքզինք` բիրտ ուժերու գործածութեամբ ժողովուրդի մը ազատութեան բուռն ցանկութիւնը խեղդելու իր ճիգով:
Հարկ կա՞յ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ իր ազդեցութեան շրջագծէն դուրս զանազան ժողովուրդներու ազգային անկախութեան եւ ազատութեան ջերմ պաշտպան կանգնող այս մեծ տէրութիւնը կը հանդիսանայ նոր ժամանակներու ամէնէն աշխարհակալ երկիրը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ աշխարհակալութիւնը, որ նախորդ դարուն տիրապետող գիծը եղած էր, շարունակ տեղի կու տայ ժողովուրդներու զարթօնքին առջեւ:
Քրեմլին որո՞ւ կ՛ուզէ հաւատացնել, որ իր զօրքերը Չեխոսլովաքիա ղրկած է չեխոսլովաք պետական մարդոց խնդրանքով: Պատմութեան մէջ բոլոր միջամտութիւնները սկսած են այս նախաբանով: Մինչեւ իսկ ոմանք յաւակնութիւնը ունեցած են ըսելու, որ միջամտող զօրքերը դիմաւորուած են ծաղիկներով:
Փրակայի մէջ սակայն, որուն ազատ խօսքին միակ խորհրդանիշ` ձայնասփիւռի կայանը մինչեւ վերջին վայրկեանը ամբողջ ժողովուրդի մը միահամուռ ընդդիմութեան պերճախօս արտայայտիչը եղաւ, խորհրդային զօրքերը դիմաւորուեցան «Կեցցէ՛ Տիւպչեք», «Կեսթափօ՛», աղաղակներով:
Աշխարհ լսեց, ու եթէ ազատ մարդոց մտքին մէջ դոյզն կասկածն իսկ մնացած ըլլար խորհրդային տիրապետութեան ենթակայ ժողովուրդներուն ազգային ուղղութեան մասին, այն ալ փարատեցաւ, ու բռնատիրութիւնը դիմակազերծ յայտնուեցաւ մարդկութեան դատաստանին:
Բայց` այդքա՛ն միայն: Դա՜ռն է հաստատել, որ բոլոր երեւոյթներուն համաձ այն, ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդներու ազատութեան համար պայքարի յաւակնութիւն ունեցող երկիրներ այս անգամ ալ պիտի գոհանան դատապարտելով, բայց քայլ մը իսկ պիտի չառնեն գործնական ընթացք տալու համար այդ դատապարտութեան:
Ապահովաբար այս անգամ ալ պիտի գտնուի ամերիկացի կամ անգլիացի նախարար մը` ըսելու համար, թէ իրենց նաւերը Արարատ չեն կրնար բարձրանալ, ինչպէս ըսած էին աւելի քան յիսուն տարի առաջ, նոյն ճգնաժամը ապրող այլ ազատատենչ ժողովուրդի մը երեսին:
Որքա՜ն պիտի ուզէինք սխալած ըլլալ` վերջապէս արթնցած տեսնելով խիղճը մարդկութեան, որ մինչեւ հիմա այնքան անտարբեր եղած է տկարներու հանդէպ: Սխալած ըլլալու այդ մեծ հաճոյքը պիտի տրուի՞ արդեօք, պիտի տրուի՞ ազատ աշխարհի ազատ մարդուն, որուն ազատութենէն անպայման որ բան մը պիտի պակսի, եթէ Չեխոսլովաքիա իյնայ կարմիր մոյկերու տակ:
Այսօր ճգնաժամ է այնտեղ, մութին մէջ բան մը կը կատարուի հոն, վիթաւայի կամուրջներուն վրայ, Հրատչանիի դղեակին շուրջ, մինչ օտար օդանաւեր իրենց խլացուցիչ ժխորով սարսափի կը մատնեն ժողովուրդ մը:
Ու տակաւին, ի՜նչ հեգնանք, Փրակայի հրապարակին վրայ, հսկայական թափուր պատուանդանի մը վերեւ կ՛ուրուագծուի դիւային ժպիտը անոր, որուն անպատում ոճիրները դատապարտողները այսօր նոյն եղեռնագործին արժանի ժառանգորդները կը հանդիսանան: