Առաջին հերթին` շնորհակալութիւն ընծայուած այս առիթին համար: Ապա թոյլ տուէք, որ դասական բանախօսութեան, այսպէս ըսած, կարգը խախտել, եւ ինչ որ անոր աւարտին պիտի ըսուի, իբրեւ գնահատանք կամ արժեւորում, սկսինք անով, ընդգծենք մեր ըսելիքը եւ կառուցենք մեր հետագայ մտորումներուն հարթակը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպած սոյն ձեռնարկը` նուիրուած Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին, խորքին մէջ կը պարփակէ երկու հիմնական թելադրականութիւն. նախ այն, որ մեր աննման նահատակ ընկերը հարազատ ծնունդն է եղած այս մասնաճիւղին, հասակ առած միութեան ջամբած գաղափարական դաստիարակութեամբ եւ իր եզակի նկարագիրը կերտած` դաշնակցականի երիտասարդական մթնոլորտի հնոցին մէջ:
Եւ երկրորդ, երբ կ՛ընդգծենք տուեալ մասնաճիւղին տարած աշխատանքը, ինչպէ՞ս կրնանք մոռացութեան տալ, առհասարակ, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարական միութեան ամբողջ գործունէութիւնը:
Գործունէութիւն, որ 45 տարի է կը շարունակէ իր երթը` յամառօրէն, անվհատ եւ առանց երկմտանքի, հակառակ այն ճշմարտութեան որ ժամանակները, կեանքի պայմաններն ու մտածելաձեւերը շատ արագ կը փոխուին, արհեստագիտութիւնը սրընթաց կ՛ընթանայ` ունենալով իր դրական եւ ժխտական անդրադարձերը, իսկ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս, եւ ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդ փաղանգներ կը դիմագրաւեն բարոյահոգեբանական թէ նիւթականացած կեանքի մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, որոնց դէմ յանդիման, ամէն քայլափոխի, անոնք պարտաւոր են ցոյց տալ կամքի, կորովի, համոզումի, հաւատամքի, խանդավառութեան, սկզբունքի, նախաձեռնութեան ոգիի, գաղափարին ծառայելու եւ անով առաջնորդուելու այնպիսի ոգեկան բարձրութիւն, որով պիտի կարենան, բացառաբար, հաւատարիմ մնալ դաշնակցական վսեմ ըմբռնումներուն, արժէքային համակարգին եւ անմնացորդ ծառայել հայութեան ու հայրենիքին:
Արդ, յոբելենական տարեշրջան մը ըլլալով, ահա, այս առիթով կ՛ուզենք լոյսին բերել ԼԵՄ-ի ծննդեան 45-ամեակը եւ ի խորոց սրտէ ողջունել այս կառոյցը, իբրեւ գաղափարական ու դաստիարակչական անփոխարինելի դպրոց, երիտասարդական հարազատ միջավայր եւ ազգանուէր գործունէութեան դաշտ:
Գովասանքի բարդոյթն ու յոխորտանքի փրփուրները չեն, որ այս պահուս մեզ կ՛առաջնորդեն, այլ դաշնակցական մտածումի, զգացումի եւ ապրումի պարտաւորութիւնն է, որ զգաստութեան կը հրաւիրէ բոլորս, անխտի՛ր, ըսելու ամէն ինչ, որ կը վերաբերի դաշնակցական գիր-գրականութեան, գաղափա-րախօսական արժէքներուն, ազգային մտածողութեան, կենդանի պատմութեան եւ հայաստանակեդրոն գործունէութեան:
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել ու խորապէս հասկնալ 26-ամեայ երիտասարդի մը կեանքն ու կենդանագիրը, մտածումներն ու ապրելու եղանակը, «Դէպի Երկիր» ճախրելու անոր խայտանքը, եռանդը, ազգային ազատագրական պայքարին իր տիրական մասնակցութիւնը բերելու ներքին մղումը, ուժը, հայրենապաշտութեան բարձր գիտակցութիւնը, որակը, հայրենի հողին վրայ ապրելու, ընտանեկան բոյնը կազմելու համոզումը, ժողովուրդին նուիրուելու երկնամերձ երազանքը:
Այո՛, երազանք, որ շա՜տ քիչերու է տրուած բացառիկներու շնորհուած, աւելի՛ն. անկրկնելիներուն` վերապահուած:
Ու այդ անկրկնելիներու սրբազան փաղանգին մաս կը կազմէր երիտասարդ մը, որ Սասնայ լեռներու տոհմէն սերած տղեկ մըն էր երէկ, որ իր պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքը անցուցած է լիբանանահայ գաղութի ծառայութեան մէջ, յատկապէս պատերազմի տարիներուն, երբ շատերու կողքին անվերապահօրէն կը լծուէր իր խանդն ու ժպիտը, միտքն ու հոգին, հաւատքն ու աշխատանքը շաղախելու հայ իրականութեան` յանուն սեփական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքին:
Իսկ ո՞վ է եղեր այս գլխագիր ՏՂԱՆ, որ երիտասարդ տարիքին երդուեց մաս կազմել ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, որպէսզի իր կարգին, Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ իր վարակիչ ներկայութիւնը ունենայ, ազնուական հոգին ու գիտական միտքը ներդրէ, կամքը կռանէ, հաւատամքը բիւրեղացնէ եւ, եթէ հարկ ըլլայ, իր թանկագինը` կեանքը զոհաբերէ:
Ահաւասիկ, վերոնշեալ հասկացողութենէ թելադրուած, այսօր մենք հաւաքուած ենք երկիւղածօրէն ոգեկոչելու յիշատակը անզուգական երիտասարդի մը, որուն անունն է Մհեր Ջուլհաճեան:
Մհեր Ջուլհաճեան, որ իր գաղափարակից ընկերներուն` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մերուժան Մոսիեանի, Արտակ Մնացականեանի, Լեւոն Համբարձումեանի եւ Ռուդիկ Աւագեանի հետ 23 օգոստոս 1993-ին կը նահատակուէր Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղի մերձակայքը` ականի պայթումի մը պատճառով, երբ անոնք կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերու դիրքերը:
Այո՛, սեւ ական մըն էր` դարանակալ, որ հայ ժողովուրդէն անարգաբար խլեց նուիրական տղաներ, անձնուրաց ֆետայիներ, գաղափարապաշտ հերոսներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հեքիաթ մը ունէր իր սրտին մէջ, ազնուական պատմութիւն մը` մտքին մէջ, Արցախի Մռաւ լերան վեհութեան չափ համոզումի ցոլքեր` իր հոգիին մէջ:
Ճիշդ է, որ անոնք Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին զոհերը չէին, ոչ ալ վերջինները եղան, ցաւ ի սիրտ, սակայն անոնք իրենց անօրինակ քաջութեամբ, կենդանի շունչով եւ բոցավառ անհատականութեամբ իրենց սրբազան անունները, դրոշմը եւ հետքը կոթողեցին հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ ու դարձան մեր օրերու լեկենտ տղաները` ցոյց տալով առասպելական կամքի ու ոգիի բացառիկ գեղեցկութիւն:
Եւ այդ վեհափառ բարձունքը նուաճած տղոցմէ ահա կ՛առանձնացնեք բոլորիս սիրելի ընկերոջ` Մհերին անունը, ոչ թէ անոր համար, որ կ՛ուզենք զատորոշել զինք իր ընկերներէն, այլ ըլլալով մեր գաղութի տղան, մեր շրջապատի հարազատ բարեկամն ու կուսակցականը` շեշտադրել անոր առած քայլին գերազանց տիպականութիւնը, աւելի՛ն. լոյսին բերել անոր կեանքի պատուաբեր փուլերը, բայց մանաւանդ` վերյիշեցնել նորահաս սերունդին, թէ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքն ու համոզումները, սխրանքն ու ազգանուէր նահատակութիւնը դպրոց մըն է ինքնին, պատուաբեր ու անշրջանցելի, ուր կրնան յաճախել ազնուասիրտ ու գաղափարապաշտ տղաները միա՛յն:
Աւելի՛ն. Մհեր Ջուլհաճեանի ստեղծած դպրոցին մաս կրնան կազմել բոլոր անոնք, որոնք Արարատ մը ունին իրենց հոգիին մէջ, բոլոր անոնք, որոնք հիւլէ մը ունին Քրիստափորի տաղանդէն, միւռոն մը` Զաւարեանի սրբութենէն, եւ բջիջ մը` Ռոստոմի դաշնակցականակերտ մեծութենէն:
Որպէսզի թիւրիմացութեան զոհը չդառնանք, որպէսզի մենք մեզ յարգելու ճիշդ հունին մէջ գտնուինք, յստկացնենք, թէ վերոյիշեալ արժեւորումը չի նշանակեր արուեստական խրամատ գծել նահատակներու միջեւ, ստորագնահատել այս կամ այն ֆետայի զինուորի սուրբ գործն ու առաքելութիւնը, ո՛չ, երբեք, քաւ լիցի, այլ մեր բացարձակ համոզումն է եղած, որ իւրաքանչիւր նահատակ թէ մահկանացու ընկեր, երբ իր ազգին ծառայութեան կոչուած է, ընդունած արեան մկրտութիւն թէ բանտի տանջանքներ, կախաղանի թէ կառափնատի հարթակներ, ապա իր հոգիին ու մտքին մէջ սերմանուած են ՀՅ Դաշնակցութեան երրորդութեան, հիմնադիր սերունդի եւ աննման հերոսներու հոգեկերտուածքէն նշխարներ, որոնցմով կերտած է իր եզակի նկարագիրը, սպառազինած է ինքզինք եւ նետուած պայքարի դաշտ, ու այսպէս` աւելի քան 128 տարի:
Այս առիթով նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, չափահասներ ու երէցներ կրնան հարց տալ, թէ Մհեր Ջուլհաճեան ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպիսի՞ միջավայրի թէ մթնոլորտի մէջ կրցած էր աշտարակել իր հայաբորբ զգացումները, ապրումներն ու մտային պաշարը: Արդեօք նման դաստիարակութեան գաղտնիքը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ, ըմբռնել ու բացատրել:
Գաղտնի՞քը, սիրելիներ, այնքան պարզ է ու անշպար, յստակ ու անսեթեւեթ:
Գաղտնիքը պէտք է փնտռել ազգասէր ծնողքի, հայկական վարժարանի, հայաշունչ ակումբի եւ հայատրոփ միջավայրի մէջ, ահա գերագոյն ճշմարտութիւնը, որուն մասին պէտք է շատ երկա՜ր մտածել, այդ ուղղութեամբ ճիգերը աւելի լարել, կամքերը կռանել, համոզումը արմատացնել, առկայ սխալները ընդունիլ ու սրբագրել, թերութիւնները քաջաբար մատնանշել, խեղճացած մտածումներէ ձերբազատիլ, հաւաքաբար նորոգուիլ, աւելի՛ հայանալ ու աւելի՛ ազգայնանալ:
Իսկ մեր ընկերը ինչո՞վ կը տարբերէր մնացեալներէն, եթէ ոչ իր սասունցիի ժառանգական կազմաւորումով, ըմբոստ ու խիզախ ոգիի ներկայութեամբ, ազգային արժէքներու եւ պատմութեան հանդէպ հաւատք եւ աչալուրջ մօտեցում ցոյց տալով, դաշնակցական գիր-գրականութեան հանդէպ սէր ու յարգանք սնուցելով, իր ներկան ապրելով, բայց մանաւանդ` ապագայի մասին լրջօրէն ծրագրելով:
Ահա Մհերը, զոր ճանչցած ենք մենք` բոլորս, իր եզակի հոգեկերտուածքով եւ բիւրեղացած գաղափարապաշտութեամբ:
Քաջ հաւատացողն ենք, որ տարբեր վկայութիւններ, զորս արձանագրուած են մեր ընկերոջ մասին, ամենահարազատ, ամենաջերմ ու ամենավաւերական խօսքեր են` բիւրեղ ապրումներու եւ իրաւ զգացումներու իբրեւ արտայայտութիւն:
Կը ներկայացնենք փունջ մը ատոնցմէ, որոնք զարդարած են Մհերի սէգ ճակատը, փայլատակող միտքն ու ազնուասիրտ հոգին:
Փաստօրէն, ինչպէ՛ս չյուզուիլ ընթերցելով ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան մաս կազմող ընկերներու սա հոգեգրաւ խօսքը` ուղղուած իրենց վարիչին, թէ` հաւա՛տք, կա՛մք եւ նուիրում. այս երեք գաղափարներուն մէջ կարելի է յիշել ընկեր Մհերը: Իր գործի օրինակով եւ միտքերով ան մեզի տուաւ շունչ եւ առողջ դատողութիւն: Թող մարդիկ չկարծեն, թէ մենք այսօր ընկեր Մհերը կը յիշենք իր խօսքերով: Ո՛չ, մենք կը յիշենք մեր նահատակ վարիչը իր նայուածքով, գուրգուրանքով եւ գործով: Մեր մեծ եղբայրն էր ան, մեզի ուղի տուող ընկերը:
Պատանի ընկերուհի մը դիպուկ խօսքով եւ կենդանի շունչով բնորոշած է իրենց առաջին հանդիպումը վարիչ ընկերոջ հետ, կ՛ըսէ` ժողովի աւարտին, նախորդ վարիչը մեզի ներկայացուց նոր վարիչը` ընկեր Մհերը. բնաւ չեմ մոռնար այդ կարմրած, ամօթխած դէմքը. քիչ խօսեցաւ. կարծես բառերը կը փնտռէր, կարծես կ՛ամչնար: Արդէն այդ օրէն սկսանք յարգել ու սիրել մեր վարիչը` ընկեր Մհերը:
Աւելի անդին, ան կ՛աւելցնէ. մեր վարիչը գիտէր մեզի հետ վարուելու ձեւը, իր իւրաքանչիւր յանդիմանութիւնը շատ կ՛ազդէր մեր վրայ. ան որքան բարի ու հասկցող էր, նոյնքան խստապահանջ էր: Այսօր, չեմ յիշեր իր տուած դասախօսութիւնն երը, զեկուցումները, բայց կը յիշեմ, որ ան միշտ պատրաստ էր եւ միշտ բծախնդրօրէն կարդացած կ՛ըլլար իր խօսելիքին մասին:
Ահաւասիկ դաշնակցական վարիչը, ընկեր Մհերը, որ գիտակից էր իր ստանձնած պարտականութեան լրջութեան եւ պատասխանատու հանգամանքին:
Արդարօրէն, հարց կրնանք տալ Մհերի մարդ կերպարին մասին, որուն նոյնքան արդարամտօրէն կը պատասխանէ զինք ճանչցող ընկեր մը, ըսելով` թէ ես կ՛ուզեմ նախ եւ առաջ նշել Մհերի մաքուր մարդկութիւնը: Բոլորը կը սիրէին Մհերը հաւանաբար անոր համար, որ ինք բոլորը կը սիրէր առանց պայմանականութեան: Այդ սէրն էր ի վերջոյ, որ զինք բերաւ Արցախ:
Ինչ կը վերաբերի Մհերի դաշնակցական կերպարին, իրեն հարազատ ընկեր մը, սա պարզ ու անկեղծ բառերով բնորոշած է զինք, ըսելով` ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան ատենապետ, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, թէ` Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ, Մհերը ամէն բանէ առաջ դաշնակցական մարտիկ էր` նախաձեռնող, հնարամիտ, խիզախ, կարգապահ եւ լռակեաց: Քիչ անդին, կը շարունակէ, ըսելով` գործին արգելք հանդիսացող խոչընդոտները վարպետի ճարտարութեամբ, քայլ առ քայլ կը յաղթահարէր եւ ինքնավստահութեան ժպիտը դէմքին գործը կը հասցնէր յաջող աւարտի: Մհերի նշանաբանը եղան գաղտնապահութիւնն ու կարգապահութիւնը, կամ` դաշնակցական զինուորի այբուբենը:
Արդեօք վերոյիշեալ Մհերի հոգեմտային ու դաշնակցականի արժանիքներուն տրամաբանական հետեւութիւնը չէ՞ր, որ Մհերը կը մղէր ուսանելու, գիտական միտք զարգացնելու եւ ակադեմական տիտղոսի արժանանալու: Փաստօրէն, մեր ընկերը աւարտելէ ետք երկրորդականի ուսումը, արդէն կ՛ընդունուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ հոնկէ կը ստանայ բնագիտութեան Պսակաւոր արուեստից վկայականը: Ան կ՛ուզէ իր ուսումը շարունակել, այս անգամ երկրաբանական բաժանմունքի դասերուն հետեւելով, որպէսզի այլազան բնագաւառներու մէջ հմտացած իր գիտական միտքը` ի սպաս դնէ հայրենիքի ծառայութեան:
Հապա՞ եթէ հարցնելու ըլլաք, Մհերի գիտական մտածումներուն շօշափելի արտայայտութիւնը, բնագիտութեան մարզի մէջ անոր հմտութիւնն ու հետազօտող միտքը, ապա, ատիկա կարելի է տեսնել անոր հրաշալի այն նախաձեռնութեան մէջ, երբ ան կը մշակէ թնդանօթներու համակարգչային կառավարման ծրագիր մը, որ իր աւարտին կը հասցնէ աւելի ուշ, նախքան իր նահատակութիւնը:
1992-ի դեկտեմբերին Մհեր կը տեղափոխուի Հայաստան: Եւ ահա կը սկսի մեր ընկերոջ կեանքի երկրորդ փուլը, որ թէեւ կ՛ըլլայ կարճատեւ, սակայն անիկա կը հանդիսանայ Մհեր Ջուլհաճեանի երազանքին գագաթը:
Գագաթ, որ կը նուաճէ իր համոզումով, նուիրումով, եռանդով, ծառայական ոգիով, բայց մանաւանդ` հայրենապաշտութեամբ:
Այո՛, հայրենապաշտութեամբ, որ վայել է միայն անոնց, որ գիտեն անմնացորդ տալ իրենց շրջապատին, գիտեն յոգնիլ ու տառապիլ, գիտեն զուլալ արեամբ ոռոգել հայրենի հողը, գիտեն անբիծ հոգեկանութեամբ օրինակ դառնալ հետագայ սերունդներու:
Եւ կը զարմանանք, թէ Մհերի նման դաստիարակուած տղաներ, գաղափարի նուիրեալներ, հաւատամքի ու երդումի տէր դաշնակցականներ, յանձն կ՛առնեն այնպիսի պատասխանատուութիւն, որ հազուագիւտ տղոց է վերապահուած: Այո՛, կը զարմանանք, թերեւս ալ անտեղի կ՛ափսոսանք, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւն սրսկելով շուրջ բոլոր:
Սակայն, այդ տխրադէմ զարմանքն ու ափսոսանքը պէտք է ուղղենք մենք մեզի, սովորական մահկանացուներուս, որովհետեւ «Դէպի Երկիր» պատմական ու դաշնակցականավայել մտածումին, հրաւէրին, կոչին անսացին միայն քիչեր, շատ քիչեր` բաղդատած մեր համրանքին:
Ու այդ քիչերու շարքին եղաւ մեր ընկերը, որ հաւատաց իր ներքին վեհափառ ձայնին, հաւատաց իր ստացած ջինջ դաստիարակութեան, հաւատաց գաղափարի մարտիկներու արեան կանչին ու պատգամին:
Փաստօրէն, Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի ազատագրական պայքարը հանդիսացան այն պատուանդանը, որուն վրայ քաջաբար ու առանց դոյզ երկմտանքի ուզեց իր անունը փորագրել գաղափարապաշտ մեր տղան,ապացուցելով իր կազմաւորման մեծութիւնն ու նախնեաց հանդէպ ունեցած սիրոյ ու յարգանքի բացառիկ իւրայատկութիւնը:
Մհերը ճանչցողները կը վկայեն, թէ ան ջերմապէս հաւատացողն էր հայ ազատագրական պայքարի էութեան եւ արժէքին, եւ այդ պայքարը ծաւալելու անհրաժեշտութեան տակ կը զգար ինքզինք եւ նոյն անհրաժեշտութեան տակ կ՛ուզէր տեղադրել բոլորը:
Ահա ապացոյց մը եւս ընդգծելու Մհեր Ջուլհաճեանի եզակի մտածումներուն եւ ապրումներուն գերազանց տիպականութիւնը: Այսինքն` մեր ընկերոջ նպատակը ո՛չ միայն հայրենիք երթալ էր, հոն բնակութիւն հաստատել, ընտանեկան բոյն շինել, իր ծառայութիւնը մատուցել, գիտական միտքը ի սպաս դնել` սերունդներու դաստիարակութեան, ի հարկին պատերազմական գործողութիւններու մասնակցութիւն բերել, այլ նաեւ` ճառագայթող եւ կենդանի օրինակ դառնալ ամբողջ ազգին, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:
Աւելի՛ն. ան կ՛ուզէր հայոց ազգային ազատագրական նորագոյն պայքարին տալ համաժողովրդային ու համազգային բնոյթ` հաւատալով նման ռազմավարական սկզբունքի կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան:
Չափազանցած չենք ըլլար եթէ կրկնենք, որ Մհերի հայրենապաշտութիւնը ինքնին դպրոց մըն է, չհինցող, չմաշող, ժամանակի թաւալքին տոկացող եւ ազգ մը ամբողջ դէպի յաւերժութիւն ու յաղթանակ առաջնորդող:
Իսկ ան ուրկէ՞ սորված էր, ներշնչուած ու ինքզինք դաստիարակած: Անվարան պէտք է ըսել, որ Մհեր, գաղափարապաշտութեան ուսմունքը ժառանգած էր դաշնակցական մեծութիւններէ, որոնց կեանքն ու նուիրումը մէկական դպրոց է հանդիսացեր ու տակաւին է՛ մեզի` բոլորիս համար:
Բաւարար է յիշատակել, Արաբոյի, Սերոբ Աղբիւրի, Հրայր Դժոխքի, Նիկոլ Դումանի, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Սպաղանաց Մակարի, դաշնակցական Խեչոյի, Սեւգարեցի Սագոյի, Արամի, Իշխանի, Բաբգէն Սիւնիի, Նժդեհի, Համազասպի ու բազում-բազում նուիրեալներու անունները, որոնք իրենց մտածումի եւ զոհաբերութեան, աշխատանքի եւ նուիրումի իւրայատուկ արտայայտութիւններով ստեղծեցին իրենց դպրոցը, որոնք, սակայն, միախառնուեցան, շաղախուեցան եւ դաշնակցութեան պատմութեան ձուլարանին մէջ բիւրեղացան, դառնալով հզօր հաւատամքի, անկաշառ երդումի եւ դաշնակցական պանթէոնի աներեր սիւները:
Մեր սիրտը չի հանդարտիր տեսնելով Մհերի փոթորկող միտքն ու հոգին: Իսկ այդ պոռթկացող ձայնին ու սրտին ալեկոծումներուն` մենք կը հանդիպինք Մհերի գրած այնքան բովանդակալից նամակներուն մէջ:
Իսկապէս հետաքրքրական է իմանալ ու հարց տալ միանգամայն, թէ ան ե՞րբ է ժամանակ գտեր, կեդրոնացեր, միտքերը ամփոփեր եւ սպիտակ թուղթին յանձներ մհերեան մտորումներ, որոնք, ըստ իս, գոհարներ են, այն առումով, որ անոնք գրուած են հարազատօրէն, ջերմագին, սրտի խորերէն ճառագայթող եւ գիտական միտք սնուցող արտայայտութեամբ:
Կարդացէք ու պիտի համոզուիք, թէ Մհեր Ջուլհաճեանի 26-ամեայ միտքերը լիացած են մարդկայնութեամբ, ժողովրդասիրութեամբ, հայրենապաշտութեամբ, ծառայասիրական կորովով, քաղաքական ու զինուորական գիտելիքներով, քննական մտածողութեամբ, ինքնաքննադատութեամբ ու մասամբ նորին:
Պարտք կը զգամ մէջբերել պարբերութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը թէեւ կ՛առնչուի այդ օրուան, սակայն կը պահէ իր յաւերժահունչ թելադրականութիւնը, որովհետեւ ան պարուրուած է մհերեան մտքի ցոլքով եւ խոր համոզումով:
Արդարեւ, ձայնը տանք մեր տղուն, որ կ՛անդրադառնայ հայ երիտասարդին ու կ՛ըսէ. կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն, եւ դարձած ենք դիտող պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ, այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովու մը մէջ: Մէկ կողմէ կ՛որդեգրուին սկզբունքներ, միւս կողմէ կը գործուի սկզբունքներուն հակադրուող քայլերով:
Ճիշդ է, որ Մհեր Ջուլհաճեան ցաւով կ՛անդրադառնայ երիտասարդութեան պարզած իրավիճակին ու անոր պատճառներուն, այդուամենայնիւ, ան լռելեայն իր պատուական խօսքը կ՛ուղղէ մեզի` բոլորիս, անցեալի ու ներկայի ղեկավար ընկերներու, միութենական աշխատանքներ ստանձնած պատասխանատուներու, շարքայիններու, երիտասարդականի ու պատանեկանի միաւորներու, ըլլալու աւելի խոհեմ, շրջահայեաց, պատուախնդիր, սկզբունքային, հեզահամբոյր ու յատկապէս առաջնորդուելու` դաշնակացական վսեմ արժէքներու մեծութեամբ:
Մհեր Ջուլհաճեան իբրեւ ակադեմական կրթութեան տէր ընկեր, ազգային կեանքի ելեւէջներուն քաջածանօթ երիտասարդ, դաշնակցական պատմութեան եւ Հայ դատի գաղափարախօսական արժէքներու հաւատացող անհատ չէր կրնար լուռ մնալ` տեսնելով իր շուրջը պատահող տխուր երեւոյթները:
Փաստօրէն, տարբեր առիթներու գրուած եւ կարգ մը ընկերներու ուղղուած իր նամակներուն մէջ Մհեր կ՛անդրադառնայ Հայաստանի թէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական թէ դաստիարակչական հարցերու: Ան, իր մասնակցութիւնը բերելով հանդերձ արցախեան ազատագրական պայքարին, կը նշէ, կ՛ուզէ լոյսին բերել նաեւ պատերազմի գործած բարոյական ու հոգեբանական աւերները, անկումները եւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ այս առումով: Աւելի՛ն. ան ո՛չ միայն կը մատնանշէ, կը քննադատէ, այլեւ կը փոխանցէ իր պատկերացումները, մտածումներն ու նման ախտերէ ձերբազատելու ճանապարհը:
Ահա այս է գիտական միտք ու անաչառ դատողութիւն ունեցող դաշնակցական երիտասարդի մը կերպարը, տեսակը, աշխարհահայեացքը:
Այս առիթը պատեհ գտնելով, խօսքս կ՛ուղղեմ Մհերին եւ իրեն ճամբով եւ թոյլտուութեամբ մեզի` բոլորիս, յատկապէս` դաշնակցական երիտասարդութեան:
Սիրելի՛ ընկեր Մհեր, 25 տարի է դուն բացակայ ես մեր շրջապատէն, տունէն, ընտանիքէն եւ պաշտած միջավայրէդ: Բացակայ ես մարմնովդ, սակայն կենդանի ես քու բացառիկ տիպարովդ: Դուն, իբրեւ գաղափարի զինուոր, ստեղծեցիր քու կեանքի ճանապարհը եւ հպարտօրէն քալեցիր այդ ճամբէն:
Դուն եղար նոր օրերու վիպապաշտ տղան, որ գիտէ իր սեփական հեքիաթը հիւսել եւ ատով ապրիլ յաւիտեան: Դուն, քու խանդավառ հայրենասիրութեամբդ վարակեցիր շրջապատդ եւ ճախրեցիր դէպի Երկիր, հայոց աստուածներու բնօրրան, հոն կառուցելու երազանքիդ բոյնը: Դուն տեսար վեհափառ Արարատը, հրճուեցար անոր գագաթին վառող կանթեղով եւ ուզեցիր մաս կազմել անոր ճառագայթներուն:
Դուն եղար տիպար դաստիարակ, որ խօսքը գործի վերածեց, գաղափարը` շունչի, մտածումը` ամէնօրեայ աշխատանքի, կեանքը` գիտակցական արժէքի:
Դուն կրցար քու հաւատարմութեամբդ կամրջել հոգիները, քով-քովի բերել թոյլ կամքերը, իրարու շաղկապել անցեալի ու ներկայի ֆետայական հերոսութիւնը:
Դուն ուզեցիր յիշեցնել, որ հայոց բազմաչարչար պատմութիւնը, հայրենիքի կորուստն ու սուրբ նահատակներու պատգամը գիրքերու մէջ գրուած լոկ խօսքեր չեն, այլ անոնք մեր արեան բաղադրութեան մաս կը կազմեն, պէտք է կազմեն, որպէսզի անոնցով հունաւորենք մեր հաւաքական կեանքի ընթացքը:
Դուն կեանքովդ ցոյց տուիր սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան այնպիսի բարձունք, որուն ձգտելու յանձնառութեամբ զինուած կ՛ըլլան բոլոր անոնք, որոնք ունին գաղափարապաշտի քու տեսակդ:
Դուն, մեր կենդանի քարոզիչն ես, ու պիտի մնաս իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ, ինչպէս ըսած է ինք` դաշնակցական մտքի ու գործի հսկայ Վահան Նաւասարդեան, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան քարոզիչները առաջին հերթին իր մեռելներն են, նահատակները:
Դուն, քու սրտիդ զարկերը ագուցեցիր հրաշալի այն բոլոր տղոց սրտերուն, որոնք արիաբար, պայծառ դէմքով եւ մեծահոգութեամբ դիմակայեցին թշնամի հորդաներու փամփուշտներն ու ռումբերը եւ ժպիտով ընդունեցին ստորնացած մահը:
Այո՛, դուն քու նուիրեալ ընկերներուդ հետ միասին, դիւցազո՛ւն ընկեր, ձեր հարուածող բազուկով զգետնեցիք թշնամին ու մահը միանգամայն, եւ Արարատի ու Մռաւ լեռներու գագաթին պարզեցիք հայոց եռագոյնը:
Դո՛ւն, սիրելի՛ ընկեր, պիտի մնաս բոլորիս ու յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութեան կողմնացոյցը, որպէսզի մեր դժուարին օրերուն, խարխափումի ատեն, տկար ու խեղճացած պահերուն, թուլացած կամքի, անտարբեր վիճակներու թէ բարոյալքուած ժամերուն, կանգնիս մեր կողքին, զգաստութեան հրաւիրես մեզ, տէր ըլլաս մեր ճակատագրին եւ մեզ առաջնորդես դէպի ապահով հայրենիք:
Իսկ դո՛ւք, դաշնակցական երիտասարդնե՛ր, արդեօք պիտի բաւարարուի՞ք նման հանդիսութիւններ կազմակերպելով, թէ` պիտի ուխտէք, ամէն քայլափոխի տէր կանգնելու Մհերի, Վիգէնի, Թաթուլ Կրպէեանի, Վարդան Բախշեանի, Կարօտի, Պետոյի, Դուշմանի, Շահէ Մեղրեանի, Բեկորի, Արթիւր Մկրտչեանի եւ հարիւրաւոր նուիրեալներու արժանապատուութեան ու պատգամին:
Դո՛ւք` ԼԵՄ-ական ընկեր-ընկերուհինե՛ր, ձեր քաղաքակիրթ ու գաղափարական կեցուածքով, գիտական միտքով եւ յանձնառութեամբ զինուած, արդեօք, ձեր ազնիւ պարտաւորութիւնը չէ՞ք յամարեր, պատասխանելու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն նսեմացնել դաշնակցական նահատակ հերոսներու փառքը:
Դո՛ւք` դաշնակցական ուսանող միաւորնե՛ր, արդեօք մտածեցի՞ք ստեղծագործ աշխատանքով, հպարտօրէն եւ նախանձախնդիր ոգիով զգաստութեան հրաւիրել բոլոր այն մտքով գագաճները, փողոցի ու լկտի դաստիարակութեամբ յագեցած, այսպէս ըսած, հայանուն երիտասարդները, լպիրշ հոգիով մեծցած նորելուկ տղաները, որոնք տարուած են հակադաշնակցական մոլուցքով, կը շնչեն, ցաւ ի սիրտ, հայրենի հողին վրայ ու առիթ չեն փախցներ իրենց սեւաթոյր մաղձը թափելու աստուածացած նահատակներու հանդէպ:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ Մհերները մեզի սորվեցուցին ըլլալ գաղափարի զինուոր եւ բարձր հոգիի տէր անհատներ: Մհերներու ուսմունքը չ՛արտօներ մեզի ըլլալ անոնց նման հտպիտներ, դաւաճաններ ու ապազգային մարդուկներ:
Մհերն ու մեր նահատակ ընկերները եթէ երբեք ունին պատասխան, այդ ալ` իրենց դաշնակցականի երդումն է, անտեղիտալի ու անսակարկելի: Դաշնակցականի երդում, որ այս օրերուս, ցաւօք սրտի, շատերու համար եղած է զբօսանք, առեւտուրի միջոց, անձնական կիրքեր յագեցնող կրկէս:
Գիտեմ, սիրելի՛ Մհեր, որ այս պահուս անգամ կը նեղանաս մեր արտասանած խօսքերուն համար. օր մը պիտի յանդիմանես մեզ նման շռայլ արտայայտութիւններու ի լուր, որովհետեւ ողջուց չէիր հանդուրժեր ցուցամոլի թէ փառասէրի ամէն արտայայտութիւն, ընդհակառակը, լռակեաց, ժուժկալ եւ համբերատար էիր, իրաւ գործի հաւատացող ընկեր, իսկ գաղտնապահութիւնը կը դաւանէիր իբրեւ համոզում եւ ապրելու ձեւ:
Այսօր, սիրելի՛ ընկեր, դուն կը հանգչիս Եռաբլուրի բարձունքին, որ դարձած է ամբողջ հայութեան սրբատեղին: Կը յիշեմ, թէ առիթով մը հայ մամուլի էջերուն ընթերցած եմ տասնամեայ Արմանի սա գերազանց տպաւորիչ խօսքը, որ խումբով բարձրացեր էր Եռաբլուր, ծառատունկի աշխատանքին մասնակցելու:
Երբ տասը տարեկան Արմանի հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ են իր մտածումներն ու զգացումները, ան, տիրական շունչով կը պատասխանէ, թէ` Եռաբլուրը իրեն համար ոչ թէ գերեզմանատուն է, այլ` զօրանոց, ուր կը հանգչին մեր անմահ հերոսները: Այստեղ, ուր մեր հերոսներու հոգիներով լեցուած է, պէտք է ըլլայ կանաչ ու գեղեցիկ, շեշտած է ան:
Այո՛, սիրելի՛ Մհեր, դուն, նահատակ ընկերներուդ հետ միասին արժանացար փառաց պսակին եւ միացար հայութեան ու հայրենիքին պատիւը բարձր պահող տիտաններու փաղանգին:
Մենք պիտի յիշենք ձեզ, պիտի ապրինք ձեզմով, պիտի ներշնչուինք ձեր սուրբ արարքով, պիտի ոգեւորուինք ձեր գաղափարականի բարձունքով ու պիտի երդուենք հաւատարիմ մնալու ձեր ձայնին, կանչին ու հաւատամքին:
Պիտի ուխտենք, ամէն առիթի, ինչպէս այս պահուս, ձեր յիշատակը կանաչ ու գեղեցիկ պահել մեր սրտերուն մէջ:
Այո՛, դաշնակցական նահատակ ընկերներ, կ՛ուխտենք միշտ բարձր պահել ձեր անունն ու սխրանքը, հակառակ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ու այլազան դժուարութիւններու, մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:
Սիրելի՛ Մհեր, հաւատացողն ենք, որ ԼԵՄ-ի ընկերներն ու ընկերուհիները, նաեւ մենք` բոլորս պիտի շարունակենք տիրութիւն ընել մեր դաշնակցականի կոչումին, յիշել ու յիշեցնել, թէ պիտի չմոռնանք սուր նայուածքդ, որ մեզ միշտ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ, պիտի չմոռնանք սխրանքիդ մեծութիւնը, որ մեզի պատուախնդրութիւն պիտի սորվեցնէ, պիտի չմոռնանք դաշնակցական երդումիդ տէր կանգնելու հզօր ուժդ, որ մեզ միշտ ամուր պիտի պահէ:
Դուն պիտի մնաս մեր ընտանիքին անդամը, դաշնակացական ընտանիքի, ու հայութեան ընտիր զաւակը, մենք թէեւ կարօտցած ենք քեզ, շա՜տ կարօտցած, բայց միշտ պիտի յիշենք բարի ժպիտդ, ազնուական հոգիդ, լեռնացած կամքդ:
Փա՛ռք քեզ, սիրելի՛ ընկեր: