Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 – Գ.

Օգոստոս 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

17 սեպտեմբեր 1920  թուակիր ՀՄԸՄ-ի կեդրոն ղրկած իր նամակին մէջ Վահան Չերազ կը գրէ. «Հակառակ այս յաջողութիւններուն` մենք քիչ ենք, իսկ գործը` հսկայ, այդ պէտք է լաւ գիտնաք, այստեղ Հայաստան է, մեծ է արդէն ու պիտի մեծնայ, կարելի չէ գործել, մանաւանդ չորս հոգիով, ան ալ` իրարմէ հեռու:

«Չորս հոգի ենք եւ պիտի մարմնակրթենք Հայաստանը: Պիտի կազմենք սկաուտական խումբեր, պիտի հայացնենք լեզուն (ռուսերէնի փոխարէն), հրամանները, խառնուածքները, ոգին: Պիտի մտնենք որբանոցները, ուր հազարներու զանգուած մը կայ. անանուն, անգոյն, անժպիտ եւ սակայն` անգին: Պիտի հսկենք դպրոցներուն, պիտի զբաղինք մամուլով, Կարս արդէն թերթ կը հրատարակէ` «Հայ Արի»: Պիտի վարենք կեդրոնի գործ` կապ պահելով թէ՛ ձեզի հետ, թէ՛ նախարարութիւններուն եւ թէ` մենք մեր միջեւ: Արշաւներ, քննական պտոյտներ պէտք է կատարենք: Նիւթ, գոյք, զգեստեղէն պէտք է ճարենք երկրի մը մէջ, ուր ոչինչ կայ:

«Ձեր ղրկած մի քանի գիրքերը, թերթերը, գոյքերը, նամակները, մեզի համար կ՛ունենան բարոյական խիստ մեծ նշանակութիւն:… Անցեալ օր (19 սեպտեմբեր 1920) Էջմիածին գացինք: Երթուդարձը քալելով` իբր ճշմարիտ սկաուտներ: Իմ հետս էին Եզնիկը (եւ եղբայրը` Գուրգէն Քաջունի), Տիգրանը (Խոյեան) եւ Պոլիսէն Արմաշի աշակերտներուն հետ եկած գիւղատնտեսներու խումբ մը, Կոպեռնիկ Թանտրճեան, Փարթամ, (Յարութիւն) Արըճեան եւ այլն (Զարմայր Մարտիրոսեան): Այնտեղ սկաուտական գործով ալ զբաղեցանք: Խմբապետուհի օր. Կարինէ Աղազարեանին պէտք եղած հրահանգներն ու քաջալերանքը տուինք, թերթ եւ գիրք տրամադրեցինք եւ յանձնարարեցինք, որ շարժումը վարէ:

«Նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, ինչպէս` Ճելալ Օղլուն, (Ստեփանաւան), ուր հունգարացի Սեդման արդէն կազմակերպած է անհատական սկաուտութիւն: Այստեղ (Ալեքսանդրապոլ) ալ կային, բայց չքացան մեր երեւումով: Մի քանի օրէն վերջապէս կը տիրանանք մեր կեդրոնական գրասենեակին` Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ…

Որբերու քաղաք Ալեքսանդրապոլը 1921
Որբ սկաուտներ 1922-ին Հայ առաքելական դարձած եկեղեցւոյ առջեւ Կազաչի Փոստ

«Նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, սակայն սկաուտական դրօշակներու համար ձեր ղրկած կտաւները անբաւարար են: Կանաչ, դեղին, սրճագոյն, նարնջագոյն կտաւ բնաւ չի գտնուիր (Հայաստանի մէջ)…իսկ փողկապի, հագուստի, գլխարկի մասին խորհած իսկ չունինք: Հայաստանի սկաուտները սեւ տարազ հագած են` Եղիշէին (Քաջունի) տրամադրած կտաւով…

«Գիտէ՞ք: ՀՄԸՄ-ը մենք այստեղ կը կարդանք Հայաստանի Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն: Մօտ ատենէն պիտի այցելենք նաեւ Սարիղամիշ, Ղարաքիլիսէ, Ճելալ Օղլու եւ Դիլիջան» (1), (15):

«26 սեպտեմբեր 1920- ին Ալեքսանդրապոլի մէջ տեղի կ՛ունենայ տեղւոյն «Մեծն Վարդան» եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ փոխվրէժի ֆութպոլի մրցում մը` «Կազաչի փոստ»-ի (նախկին ռուսական զօրանոցներ` որբանոցի վերածուած, նաեւ` Փոլիկոն եւ Սեվերսքի փոստեր) դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունիի եւ հոծ բազմութեան, տոմսերը սպառած էին: Կարգապահութեան կը հսկեն սկաուտներ եւ ոստիկաններ: Իրաւարար կը նշանակուի Տիգրան Խոյեան, որ գրեթէ անդադար կը սուլէ… Երեւանցիները 1-0 արդիւնքով կը յաղթեն` հակառակ երկու գիշեր շոգեկառքին մէջ անհանգիստ, անօթի եւ անքուն մնալնուն (երկու օր, քանի որ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին մեկնելիք շոգեկառքը շաբաթ առաւօտ ժամը 9:00-ին ճամբայ կ՛ելլէ…  Վառելանիւթի պակասը լրջօրէն կը խանգարէր հաղորդակցութիւնը: Սովորական երեւոյթ էր, որ շոգեկառքը կանգ առնէ եւ ճամբորդները մօտակայ անտառներէն վառելափայտ հաւաքեն շոգիին համար…):

«… Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ, մեր սկաուտներուն դրօշակով խօսելու փորձերէն տպաւորուած, յայտնի հանրային գործիչ եւ մտաւորական Գրիգոր Չուլխուշեանը գեղեցիկ յօդուած մը գրած է (մեր մասին) Երեւանի «Յառաջ» թերթին մէջ», կը գրէ Խոյեան (17):

Սկաուտներու ուղիղ եւ կանոնաւոր շարք` Կազաչի Փոստի մէջ 1922

Ահա ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը իր նպատակին ծառայած ըլլալը կը վկայէ հաղորդակցութեան նախարար Արշակ Ջամալեանը. «1920-ի աշնանը դուք այլեւս անպատսպար որբեր չէիք տեսներ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնց լացն ու կականը սիրտ կը կտրատէին: Անոնց աղիողորմ ճիչերը փոխարինած էին պոյ-սկաուտներու կորովի քայլերգը եւ ֆութպոլիստներու աղմուկն ու քրքջոցը Երեւանի Անգլիական այգիին եւ Ալեքսանդրապոլի Փոլիկոնին (երկրորդ մեծ որբանոցը) մէջ: Ասոր հետ միասին` դանակով կտրածի պէս դադարած էր մուրացկանութիւնը»:

Ահա նաեւ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտին նպատակը` ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին, գործնապէս կ՛իրագործուի:

18 նոյեմբեր 1920 թուակիր ՀՄԸՄ-ի կեդրոն ղրկած նամակին մէջ Օննիկ Եազմաճեանը Երեւանէն կը գրէ. «Պատերազմական դրութիւնը կարծես աւելի մեծ ուժ եւ եռանդ տուած է, եւ մեր տղաքը այս վայրկեանին աւելի լաւ փարած են գործին: Մեր դասախօսութիւնները կը շարունակենք: Այս շաբաթ մտադիր ենք Բ. կարգի սկաուտներու քննութեան սկսիլ…

«Զանազան ճակատներ ուղարկեցինք սկաուտներ այլ եւ այլ պաշտօններով. օրինակ` սուրհանդակ, մթերանոցներու հսկիչ, Կարմիր խաչ, դրօշախօսներ, որոնք այս պահուս կը գտնուին Շարուրի (այժմ` Վայոց Ձորի Բարձրունի գիւղը) ճակատը, որոնք հոն ղրկուած է տեղւոյն զինուորական պետին հրահանգով: Երկու սկաուտ ղրկուած է Ուլուխանլու (այժմ` Մասիս քաղաք), ուր կը գտնուի գաղթականներու համար բացուած սննդակայանը, ուր սկաուտները կը պատրաստեն թէյ, կերակուր եւ այլն: Նոր Գաւիթ գիւղն ալ սկաուտներ կան, ուր կը պատրաստուի գաղթականներուն հացը` տեղւոյն պաշտօնեաներուն վրայ իբրեւ հսկիչ: Երկու սկաուտ ունինք ելեւմտական նախարարութեան մէջ եւ այլ տեղեր:

Ալեքսանդրապոլի 3 որբանոցներու որբերուն թիւը հասած է 20 հազարի

«Երեւանը լեցուն է գաղթականներով եւ որբերով: Երկուշաբթի օր Կարմիր խաչին հետ գացինք ու դարմանեցինք 30-40 որբեր, որոնք Կարսէն փախուստի ժամանակ վիրաւորուած էին եւ զանազան վէրքեր ունէին: Այսօր խնամատարութեան նախարարին հրամանով մեզի յանձնուեցաւ թեմական դպրոցին մէջ գտնուող 1000 գաղթականներուն հոգը: Երեւանէն Էջմիածին պիտի փոխադրենք 400 որբեր: Տրամադրութեան տակ մեծ սկաուտ չմնաց, սակայն պզտիկներն ալ քաղաքին մէջ կրնանք գործի մղել: Մեղուի պէս կ՛աշխատին» (1):

«Այժմ դադրած ենք սկաուտ եւ մարզիկ ըլլալէ, բոլորս կամաւորներ ենք եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար խրամներ կը փորենք», կը գրէ Չերազ:

Հայկական բանակի թնդանօթային բաժինի հրամանատար զօրավար Արարատեանը, որ Ալեքսանտրապոլ եկած էր Կարս մեկնելու համար, Խոյեանէն 21 սկաուտներ կ՛ուզէ, որպէսզի անոնք իբրեւ օգնականներ զինեն (Ալեքսանդրապոլի) բլուրին վրայ գտնուող բերդի թնդանօթները: «Բոլորն ալ հիանալի ոգիով «Պատրաստ ենք իսկոյն մարզուելու», կ՛ըսեն», եւ 31 հոկտեմբեր 1920-ին 30 կամաւոր սկաուտներ Խոյեանին հետ բերդ կ՛երթան:

Տիգրան Խոյեան կ՛եզրակացնէ. «Միայն երկու ամսուան «գործունէութիւն» մը ունեցաւ մեր առաքելութիւնը: Գրեթէ մէկ ամիսը անտեղի կերպով վատնուեցաւ կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ բժիշկ Արծրունիի եւ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող մարզական անհաշտ տեսակէտներու միաձեւումին: Սեպտեմբեր ամիսը մտանք արդէն, եւ մենք` չորսս դպրոցական տարեշրջանին համար մեր կողմէ խնամքով մշակուած եւ կրթական նախարարութեան վաւերացման ենթարկուած մարմնակրթական ծրագիր մը պատրաստեցինք, որուն գործադրութեան հազիւ սկսած` պայթեցաւ թուրք եւ հայ նոր պատերազմը:

Որբերու ձմեռնային մարզանք Կազաչի Փոստի դաշտին վրայ, 1922

… Վահան Չերազն ու եզնիկ Քաջունին հրաժարականին տուին նախարարութեան եւ մեկնեցան կռուի ճակատ: Օննիկը մնաց Երեւան եւ ես` Ալեքսանդրապոլ, փութով սկսանք դպրոցներու համար պատրաստուած ծրագիրը գործադրել փորձել: Ուսուցիչներէն գործակիցներ ճարեցինք անոնց միջոցով դպրոցներուն մէջ տարուելիք մարմնակրթական աշխատանքին թափ տալու համար: Սկաուտական շարժումը, պայմաններու բերումով աւելի դանդաղ սկսաւ յառաջանալ: Միեւնոյն ատեն, պատերազմական դրութեան պարտադրանքին տակ, մեծ սկաուտները տրամադրեցինք քաղաքային վարչութեանց եւ զինուորական իշխանութեանց կարիքներուն` անոնց դիմումին իբրեւ գոհացում: Դէպքերը, սակայն, գահավէժ ընթացք մը առին, կացութիւնը շատ ծանրացաւ, հայ հանրապետութիւնը ինկաւ» (17), եւ միայն Վահան Չերազ մնաց Հայաստան:

2 նոյեմբեր 1920: Սեպուհի բանակէն խոտորջուրեցի Թորգոմը ճակատէն նամակ կը բերէ Չերազէն, որ կը թելադրէր պատրաստուիլ գաղթելու, կը գրէ Խոյեան:

1-25 նոյեմբեր 1920: Այս քսանչորս օրերը հռչակուած ըլլալով «Սկաուտը հայրենիքին համար» օրեր` ՀՄԸՄ-ի (Պոլսոյ) բոլոր մասնաճիւղերը տուներէն դրամ եւ հագուստ կը հաւաքեն Հայաստանի սկաուտներուն համար:

13 փետրուար 1921-ի հակախորհրդային Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցելէ ետք, անգլերէնին տիրապետած Վահան Չերազ 29 նոյեմբեր 1921-ին Ալեքսանտրապոլի իր թաքստոցէն դուրս գալով գործի կը դիմէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տնօրէն Միլթըն Պրաունին, որ իր կարգին սկաուտապետ եղած է. ան իսկոյն լաւ վճարումով պաշտօն մը կու տայ Վահանին: Պաշտօնը «Կազաչի Փոստ» որբանոցին մէջ հսկողութիւն-պահակութիւն էր, սակայն ան կը դիմէ տնօրէնին` այդ որբերուն նաեւ սկաուտական դաստիարակութիւն տալու, որ ջերմօրէն կ՛ընդունի:

«Վահան Չերազ իրեն յատուկ սկաուտապետի տաղանդով կը գրաւէ սէրն ու վստահութիւնը իր որբ սկաուտներուն: Պրաունի գոհունակ հովանիին տակ, տիպար տասնեակներ կը կազմակերպէ այդ որբերէն, որոնք իրենց թոյլ, անկարգապահ եւ խարդախելու հակամէտ նկարագրային վատթար գիծերը կը փոխարինեն առոյգ, կարգապահ եւ պատուախնդիր նկարագիրով: Իբրեւ ամէն կերպով առողջ հայեր ըլլալու հպարտութեամբ` այդ «Հայ արիները» եղան Վահանի ջանքերուն արդար վարձատրութիւնը: Չերազի յառաջ բերած այդ հրաշալի արդիւնքը վարձատրութիւնն է նոյնպէս, եւ` միակ շօշափելի գործը, զոր ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան առաքելութեան անունին կրնանք կապել, քանի որ այդ առաքելութեան ամենավաստակաւոր եւ արժանաւոր երէց անդամն էր, որ երբ առիթը ներկայացաւ, սկաուտական դաստիարակութեան սրբազան արժէքը երեւան բերաւ», կ՛եզրակացնէ Խոյեան (17):

21 փետրուար 1921-ին Չերազ կը գրէ. «Պոլշեւիկները խափանեցին սկաուտական շարժումը‚ որովհետեւ «հայրենիքի կործանիչ եւ յետադիմական գաղափարներ կը ներշնչենք եղեր մանուկներուն», եւ թէ` «անգլիական իմպերիալիստական մեթոտներուն կը հետեւինք եղեր»:

ՀՄԸՄ-ի օժանդակութիւնը հայրենիքին կը շարունակուի, եւ Մարտ 1921-ին Սկաուտները Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ Հայաստանի սկաուտներուն համար կը հաւաքեն 24 հակ հագուստ եւ մօտ 2500 ոսկի:

Վահան Չերազ կը շարունակէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը որբանոցին մէջ: Օր մը մարդ մը կը ներկայանայ որբանոցի դրան, ուր 12 տարու երկու համազգեստով սկաուտներ պահակութիւն կ՛ընէին` այցելուներուն ինքնութիւնը տեղեկացնելու գրասենեակ, ապա զանոնք ներս առաջնորդելու: Այցելուն կը մերժէ սպասել, սկաուտները կը փորձեն գաւազանով փակել մուտքը, սակայն այցելուն ապտակելով զանոնք` կը փորձէ ներս մտնել: Չերազ լսելով տղոց լացն ու ճիչը` կը փութայ մուտք եւ առանց հարցուփորձի մտրակի հարուածով կը վռնտէ այցելուն, որ Լենինականի (Ալեքսանդրապոլի նոր անունը) Չեկայի պետն էր… Այս պատճառով հալածանքի կ՛ենթարկուի` մինչեւ լրտեսութեան ամբաստանութեամբ Սիպերիա աքսորուիլը, նոյեմբեր 1924-մարտ 1925, ապա ազատ կ՛արձակուի, կը վերադառնայ որբանոցի պաշտօնին, սակայն 25 դեկտեմբեր 1927-ին, կրկին կարճատեւ բանտարկութենէ ետք, 9 յունուար 1928-ին Թիֆլիսի մէջ կը գնդակահարուի` միանալով մեր անմահ նահատակներու փաղանգին (1), (19):

Այսպիսով, 25 դեկտեմբեր 1927-ին վերջ կը գտնէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

15 յուլիս 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)

1.- «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան», էջ:
4.- «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբեղայ Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան «Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
5.- ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 դեկտեմբեր 1919, էջ 33:|15.- Նոյնը, թիւ 23-24, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1920, էջ 356-357:
17.- «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան Քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
19.-  https://vahanishkhanyan.wordpress.com/2014/06/10/cheraz/

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Դպրեվանքի Շէնքին Վերանորոգումը Հասաւ Իր Աւարտին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?