ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Մոսկուա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յստակ ծրագիրը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Մեհրապի համաձայնութենէն հանրապետութեան նախագահութիւնը առած է, իսկ համաձայնութեան բովանդակած մնացեալ կէտերը հրաժարած է գործադրելէ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ եռօրեայ հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հունգարիա: Ան լիբանանեան պետութիւնը աւազակութեան յանցանքով ամբաստանեց` հաստատելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը խեղճ է եւ աղքատ: Ռայի պատրիարքը ողջունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան ջանքերը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու գծով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացը աւելի քան 80 միլիառ տոլար է` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան այսքան վատ փուլ մը կը դիմագրաւէ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ օգոստոս ամիսը յաղթանակի ամիս է` նկատի ունենալով 2006-ի յուլիսեան պատերազմին եւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակները: Ժրայսաթի աւելցուց, որ մինչեւ այս ամսուան աւարտը յաղթանակ մը եւս կ՛արձանագրուի, եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր ընտրանքները վերջնականացնէ եւ կառավարութեան նոր կազմը յայտարարէ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Դիմադրութեան հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած խոչընդոտները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ճիգ չեն խնայեր, որպէսզի Լիբանան շրջանցէ իր դիմագրաւած բոլոր տագնապները` հակառակ իր դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ լիբանանեան ծովափը պէտք է մաքուր պահել եւ չապականել: Ան կոչ ուղղեց ապականած ծովափ ունեցող շրջաններու քաղաքապետարաններուն լողալը արգիլելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխան Հանի Քպայսի հարց տուաւ նոր կառավարութեան յայտարարութիւնը ուշացնելու դրդապատճառներուն մասին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքը ներկայացնող հզօրագոյն համախմբումը Հզօր Լիբանանն է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պէտք է զիջի ուժային նախարարութեան իր պահանջէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժերը նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ կուսակցութեան ստանալիք չափաբաժինին մասին իրենց պատկերացումը ներկայացուցած են վարչապետ Սաատ Հարիրիին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ կարելի չէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին ականատես դառնալ կամ արտաքին աշխարհէն նշանի մը սպասել` կառավարութիւնը կազմելու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իհապ Համատէ ընդգծեց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին կառչած մնալու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան այդ տարազին շնորհիւ է, որ կրցած է յաղթանակներ արձանագրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է համեստ պահանջներ ներկայացնեն` կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը սկսած է յորդիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ իր խօսքը ուղղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին շեշտեց, որ ան այնքան անկարող է, որ ոչ ոքի կրնայ սպառնալ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ ընդգծեց, որ տագնապները բազմաթիւ եւ բարդ են, ինչպէս նաեւ վտանգներ կը սպառնան: Ան աւելցուց, որ ժողովրդային շարժումի դիմելը անհրաժեշտ ընտրանք կը թուի ըլլալ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել` կազմելով ազգային ծրագիրի կառավարութիւն մը, որովհետեւ ժողովուրդը կը կոտտայ տնտեսական տագնապէն, իսկ յեղափոխութիւնը դրան սեմին կը գտնուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց Լիթանի գետի ապականումին պատասխանատուները խստագոյն պատիժներու ենթարկելու եւ սկսելու Պեքաայի ծրագիրներուն գործադրութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելու գծով բաւարար ժամանակ խլուած է արդէն, հետեւաբար կառավարութեան նոր կազմը պէտք է անյապաղ յայտարարել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնելու նպատակով շինծու արգելքներ կը ստեղծուին` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին կը սպասեն, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նոր կառավարութիւնը կազմելու յստակ չափանիշ մը որդեգրէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Լիբանանի որդեգրած շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տագնապը տակաւին չէ աւարտած:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Ասաատ Հարտան երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զոյգ երեսփոխանները ընդգծեցին կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին դրամատնային բնագաւառը տագնապներ չի դիմագրաւեր, իսկ Կեդրոնական դրամատունը ամուր է: Անոնք շեշտեցին նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը քաջալերելու կարեւորութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած հարցերն ու Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրները շատ աւելի լուրջ հարցեր են, քան` ամուլ բանավէճերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ իրենք պիտի գործեն ըստ օրէնքի եւ պիտի ստանան իրենց նախարարական չափաբաժինը` առկայ բաժանումներուն համաձայն:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բնականոնացներու թղթածրարի քննարկումին վերջ տալու եւ վերադառնալու շրջանի տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ աւելցնելու լիբանանցիներուն միջեւ մերձեցումի առիթները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան տագնապի միակ ելքը երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն նոր կառավարութեան կազմութիւնն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպասելու գծով Լիբանան յաւելեալ ուշացում չի կրնար հանդուրժել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ երկրին կայունութիւնը ազգային համոզումներու վրայ չհիմնուած համաձայնութիւններու վրայ կարելի չէ կառուցել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն բոլոր փտածներուն, աւազակներուն եւ կեղծողներուն նկատմամբ իրենց հովանաւորութեան վերջ տալու, որպէսզի անոնք պատժուին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մոհամետ Եաղի մաղթեց, որ վկայեն Նոր Միջին Արեւելք մը, ուր ազատութիւն, արդարութիւն եւ մարդկային արժէքներ կը տիրեն:
«ԽԱԼԻԺ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը գրեթէ նոր սկսած է, իսկ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ ծառացող հարցերը լուծելու:


