Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Գրող, Հրապարակագիր Եւ Հասարակական Գործիչ Յակոբ Պալեանի Հետ

Օգոստոս 20, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ա. Օ.».- Ֆրանսայի մէջ հայկական վարժարանային համակարգը ի՞նչ ձեւով կը զարգանայ վերջին տարիներուն: Ի՞նչ ձեւով կը գնահատէք այս խրախուսելի երեւոյթը:

Յ. Պ.-  Բազմերես հարցում է ասիկա: Կը զարգանան, եթէ շէնքի մասին է հարցը: Ճիշդ է, քանի մը շէնքեր շինուեցան: Բայց նաեւ ես ցաւով պիտի հաստատեմ երեւոյթ մը, որ ֆրանսահայութիւնը գիտակցական մակարդակի հասնելով` ինք չշինեց այդ դպրոցները: Դրամագլուխը դուրսէն եկաւ: Կը նշանակէ, որ այդ իրենց քրտինքը չէր: Այս է հարցերէն մէկը: Երկրորդ` դպրոցը, կրթական գործը, մասնագիտական գործ է: Երբ որ ատամը ցաւի, սափրիչի չես երթար: Նոյն է պարագան դպրոցին: Ուրեմն կարելի չէ թաղականութեամբ, հոգաբարձութեամբ գործ ղեկավարել: Վարչական գործով թող զբաղին: Բայց հաշուապահութիւնը պիտի ընեն, ոչ թէ` դրամի իսկական տնտեսավարումը: Այսինքն ուսուցիչին տրուած գումարը պերճանք պէտք չէ համարել: Ուսուցիչը լաւ պիտի վճարուի, որպէսզի լաւ աշխատի: Աղքատ ազգականի ամսականով ուսուցիչը աղքատ արդիւնք կու տայ: Երկրորդ հարցը` դպրոցը մրցակցական ըլլալու համար պէտք է քայլ պահէ իր ժամանակին հետ, եւ քիչ մըն ալ համապատասխանէ ամբոխի, ժողովուրդի սնոպիզմին: Դպրոցը պէտք է քիչ մը ներկայանալի ըլլայ, ընդունող պէտք է ըլլայ, սարքաւորումներ պէտք է ունենայ, օրինակ` տարրալուծարան պէտք է ունենայ եւ այլն: Մարդիկ այս տեսանելի մասին ալ կարեւորութիւն կու տան: Եւ ոչ թէ` ըսել, որ մենք հայրենասիրական զգացում պիտի փոխանցենք: Չի բաւեր ասիկա: Աշակերտը տեղական քննութիւններուն պիտի յաջողի: Բոլորի կողքին, դուն պիտի կարողանաս պատուաստել էականը: Այս ալ մանկավարժութեան հարց է: Պէտք է այսօր մտածել, թէ հայերէնը կրնա՞նք, օրինակի համար, ինծի ծանօթ հեղինակներու դասագիրքերով սորվեցնել, թէ՞ ուրիշ բան պէտք է մտածել: Ես վերջերս զեկուցում մը գրեցի սեմինարի մը առիթով, ուր հետեւեալ ձեւով բանաձեւեցի, որ հայերէնը պէտք է վերածել կենդանի լեզուի եւ ոչ թէ՞ դասագիրքի լեզուի: Այդ մէկ ժամուան մէջ եղածը դասագիրքի լեզու է: Ի՞նչ կը հասկնանք կենդանի լեզու ըսելով: Այսօր ձեր դպրոցները գացէք եւ հարցուցէք սա փողոցի ծառերուն անունները ի՛նչ են: Բոլորը ծառ են իրենց համար: Ինծի մէկ հատիկ արդարացուցիչ պատճառ պէտք է տան մեր դպրոցները, որ մարզանքի դասը Ամերիկայի մէջ անգլերէնով կ՛ըլլայ: Կենդանի լեզու ըլլալու համար այդ մարզանքի դասը հայերէնով ըրէ: Մանուկին համար բնական լեզու մը ըլլայ ասիկա: Յետոյ, Մարսէյի դպրոցի առաջին օրը խոհարար տիկինը ճաշացանկ կազմած էր, պատին վրայ ճաշերը ֆրանսերէն գրած էր: Բոլորին առջեւ, թատերական կերպով պատռեցի, հոս մանուկները հայերէն պիտի ուտեն, ըսի: Եթէ լեզուն կենդանի լեզու չէ, մանուկները չեն սորվիր: Հոս կը սորվին, հոն կը մոռնան: Ասիկա իրողութիւն է բոլորին համար: Որովհետեւ շաբաթը մէկ ժամով լեզու չես կրնար սորվեցնել: Միւս` յարակից մասերը կան: Անոնցմով, որ դուն լեզուն պիտի դարձնես կենդանի լեզու, կեանքի լեզու: Այս մարզին մէջ կը թերանանք: Ասոր համար ալ կայ յատուկ մեթոտ, որ կը կոչուի երկլեզուեան ուսուցում, որուն մասնագէտներէն մէկն ալ հայ է: Անգամ մը Փարիզ հրաւիրեցինք եւ խօսեցաւ: Ասոր բացատրութիւնը շատ պարզ է: Ոչ թէ երկու լեզու սորվեցնելու հարց է, այլ երկու լեզուով աշխարհ ճանչնալու հարց է: Օրինակ` մանուկը պիտի գիտնայ առտու իր մօրը ըսել` կաթ կ՛ուզեմ, կամ` անգլերէնով, ֆրանսերէնով ըսել: Բայց պիտի գիտնայ, որ այդ լեզուով ալ ինք կրնայ աշխարհը ճանչնալ: Եւ մենք ասիկա չունինք: Ուրեմն, առաջին տարիներուն հայերէնի ուսուցչուհին եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհին շաբաթը անգամ մը քովս կը կանչէի եւ կ՛ըսէի. այս շաբաթ ի՞նչ պիտի ընէք: Նոյնիսկ թուաբանութեան ուսուցչուհիին կ՛ըսէի` ըսէ, որ ինքնաշարժը Երեւանէն Գորիս կ՛երթայ: Աշխարհը ճանչնալու պարզ ձեւեր են ասոնք: Եւ որովհետեւ մենք յաճախ կը կարծենք, որ հայերէնով ուսուցուածին եւ օտար լեզուով ուսուցուածին միջեւ անանցանելի պատ մը կայ, այդ պատճառով ալ լեզուն կենդանի, կեանքի լեզու չ՛ըլլար: Ասոր համար խիստ կարեւոր է, եթէ հնարաւոր է, ի հարկին, որ թուաբանութեան ուսուցիչը, կամ իրագիտութեան ուսուցիչը, օտար լեզու դասաւանդող ուսուցիչը ինք հայ ըլլայ նաեւ, բայց լեզուն գիտնայ: Ես անգամ մը շատ ուրախութեամբ տեսայ, երբ Փարիզի Դպրոցասէրի թուաբանութեան ուսուցիչի դասարան մտած էի. ան տիակոնալը կը բացատրէր, հայերէնն ալ հետը կը սորվեցնէր: Ուրեմն մանուկը ֆրանսերէնին հետ կ՛ընկալէր, կ՛ըսէր հատանող, երկուքը միասին կ՛ընկալէր մանուկը, եւ երբ որ անմիջական նիւթին հետ կու գայ այդ բացատրութիւնը, մանուկը կ՛ընկալէ եւ կը սորվի: Ասոր համար պէտք է ամբողջովին վերամտածել հայերէնի ուսուցման եղանակի մասին եւ մեր դասագիրքերը այդ ձեւով պէտք է խմբագրել: Ժամանակին «Հայկարան»-ը կար, շատ լաւ դասագիրքեր էին, բայց `հայերէն գիտցողին համար: Այսօրուան աշակերտին անմիջականութեան եւ կեանքին մաս չի կազմեր ատիկա, եւ թերեւս նիւթերը պէտք է խմբագրել: Առաջ մեր դպրոցներուն մէջ գիտութեան դասերը հայերէնով կ՛ըլլային: Ամբողջ բառերը հայերէնով կը սորվէին տղաքը: Հիմա չկան անոնք, ուրկէ՞ պիտի սորվին այդ բառերը: Դասը պէտք է խմբագրել այդ բառերով նաեւ, յետոյ քիչ մը ժամանակ յատկացնել` մանուկներուն բացատրելու համար, թէ ծառերը անուններ ունին եւ գործածեն այդ անունները: Բանջարեղէնները անուններ ունին, սորվեցնեն այդ անունները, ի հարկին` խոհարար մայրիկին քով տանելով զինք: Ասիկա ամբողջովին պէտք է վերամտածել: Հայաստանցի մանուկը խնդիր չունի: Մեր վերջին գիւղերու աշակերտներն ալ այս խնդիրը չունին, Քեսապէն աշակերտներ կու գային, իրենք գիտէին ատիկա: Քաղաքի աշակերտը շարադրութիւն կը գրէր, բոլոր ծառերուն ծառ կ՛ըսէր: Քեսապցի տղան ծառերուն անունները կու տար: Այս է ուրեմն կեանքի լեզու դարձնելու հարց, եւ ասիկա սիրողական ձեւով չ’ըլլար: Ասիկա պատասխանատու մարդով կ’ըլլայ, հասկցող մարդով կ’ըլլայ, որուն պէտք է վճարել: Այս ալ պիտի հասկնան մեր թաղականները, մեր ղեկավարները, հոգաբարձութիւնները: Յատուկ մանկավարժութիւն է ասիկա:

«Ա. Օ.».- Գիտենք, որ ընթերցասիրութիւնը ընդհանրապէս նահանջած է վերջին շրջանին: Նոյն պատկերը շեշտակիօրէն կը պարզուի արեւմտահայ ընթերցող հասարակութեան մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը, եւ ի՞նչ դրական նախաձեռնութիւններ կրնան առնուիլ այս մտահոգիչ պատկերը բարելաւելու համար:

Յ. Պ.- Ասանկ հարցում ընողները պատասխանը գիտեն ընդհանրապէս: Ճիշդ է, որ ամէն մարդ կ՛ըսէ, թէ այսօր համացանցը արգելք է, որ հայերէն կարդանք: Սակայն մենք հնարաւորութիւններ ունինք: Ինչո՞ւ, օրինակ, մեր զանազան ձեռնարկներու կողքին, չկազմակերպել պարզ ընթերցման հանդիպումներ: Գիրքը առնել` ըսել. «Եկէք ժողովո՛ւրդ, այսօր Սիամանթօ պիտի կարդանք: Ի հարկին, եթէ հասկնալու դժուարութիւն ունեցողներ կան, թարգմանութիւնն ալ` միաժամանակ: Այս խաղին մասնակից պէտք է դարձնել ուսուցիչները: Այս խաղին մասնակից պէտք է դարձնել ծնողները: Երբ որ «Բագին»-ի գործերով  Պէյրութ կ՛երթայի, ընթերցման հանդիպումներ կը կազմակերպէի: 8-10 հոգի կու գային, 3 վայրկեանի ներածական մը կ՛ընէի, յետոյ գիրքի մէջէն բաժիններ ընտրած կ՛ըլլայի եւ կը բաժնէի իրենց: Բոլորը մասնակից կ՛ըլլային: Մասնակցութեան հարցը մենք պէտք է կարենանք բոլոր մարզերուն մէջ ստեղծել: Նոյնիսկ` ղեկավարական որոշումներու պարագային: Ինչ անպատեհութիւն կայ, երբեմն եթէ ըսէք, երիտասարդնե՛ր, եկէք, հոս նստեցէք, մտիկ ըրէք: Հաղորդակից պէտք է դարձնել եւ փոխանակ որոշումները վերէն բերելու` ուղղահայեաց, պէտք է հորիզոնականի վերածել: Դուք ալ առաջարկ մը ունի՞ք: Եւ ի վերջոյ հիմնական հոգեբանականը այն է, որ մեր ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուող մարդիկը վարժուին իրենց խօսակիցներուն երբեմն ըսելու, որ դուն ալ իրաւունք ունիս: Ասիկա բոլոր մարզերուն մէջ օգտակար կ՛ըլլայ: Եւ վերջին հաշուով նաեւ հայ մարդը, նոյնիսկ օտարացածը զգայուն տեղ մը ունի: Այդ հայ մարդիկը այսօր հայերէն չեն կարդար: Իրենց տուներուն մէջ հայերէն գիրք չկայ: Հայերէն գրադարանները, եթէ մեծկակ չեն, որ ասդին-անդին դրուին, գիրքերը փողոց կը թափուին: Աչքովս տեսած եմ: Նոր երկու գրադարան Ամերիկայէն մէկը ղրկուեցաւ Արցախ` «Համազգային»-ի գրադարանը, միւսը` Ալիս Սեւակին հսկայ գրադարանը ղրկուեցաւ Լոս Անճելըս, «Լարք» ընկերակցութեան, որ ընդարձակուելու է եւ իր կողքին թանգարան մըն ալ պիտի ունենայ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ եթէ հայ մարդը գիրքի կարեւորութեան սկսի անդրադառնալ, որ` գիրքը գաղափար փոխադրող է, արժէք փոխադրող է, այն ատեն կրնայ հրաշքը պատահիլ, վերականգնում տեղի ունենալ: Մարդոց պէտք է խօսիլ նաեւ` քիչ մը մեծերուն դպրոցը յաճախելով: Օշական ոսկի խօսք մը ունի: Մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան` մարմարը: Այս պարզ իմաստութիւնը եթէ կրցանք մեր խանութպանին փոխանցել, մեր ուսուցիչին փոխանցել, մենք ոստում կատարած կ՛ըլլանք: Իրենց բացատրէ, որ այս գիրքը գնէ, որպէսզի գիրքը շարունակուի, գրողը ապրի:

Այսօր գրողը իր գիրքով չ’ապրիր, եւ ասիկա ահաւոր նահանջ մըն է: Ես անցեալները ճափոնցի գրողի մը թարգմանութիւնը ըրի, իր վերջին գիրքը Ճափոնի մէջ տպուած է 700.000 օրինակով, եւ գրուած էր, որ ընթացքի մէջ է բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուելու համար: Մենք երբեմն փառասիրութիւններ ալ ունինք Նոպէլեան մրցանակ մը ստանալու: Ինչպէս Նոպէլեան մրցանակ ստանաս, երբ որ չես թարգմանուիր, չես կարդացուիր, որո՞ւ հոգը: Ասոր պատասխանատուն ազգովին մենք ենք` հայերէն չգիտցողը եւ հայերէն գիտցողը: Մարդոց ըսէ, որ այս գիրքը գնելով դուն գրականութեան եւ մշակոյթին նպաստած կ՛ըլլաս: Գիրքերը, հետեւեցէք տպաքանակներուն, 400 օրինակ, Հայաստան, բախտաւոր պարագային նուէր կը տրուին:

Ընկեր մը ըսաւ, որ ոչ միայն գիրքերը նուէր պիտի տանք, այլ դրամ ալ պիտի տանք, որ կարդան: Ասիկա ազգային մեծագոյն պարտութիւն է: Եւ մեր ժողովուրդին պէտք է ըսել, որ այս պարտութեան մասնակից ես: Հայաստան ալ նոյնն է կացութիւնը: Հայաստան գիրք մը հրատարակուեցաւ 700 էջով: Կոթողական ուսումնասիրութիւն մը: Գիրքը հրատարակուեցաւ 100 օրինակով: Ասիկա մեր ժողովուրդին հանդէպ եղած մեծագոյն վիրաւորանքն է: Կը նշանակէ, որ հայ մտաւորականը եւ գրողը այլեւս կաթիլ մը վստահութիւն չունին մեր ժողովուրդի մշակութասիրութեան եւ ինքնութեան վրայ: Ասիկա պէտք է բարձրաձայն ըսել, եւ ըսել, որ ասոր առաջքը դո՛ւն պիտի առնես, սիրելի՛ ժողովուրդ: Եւ մեծն Ֆրանսայի մէջ, ուր 500.000 հայութիւն կայ, որուն վրայ գումարուած են Հայաստանէն արտագաղթողները, մէկ հատիկ գրատուն չկայ: Բան մը կը նշանակէ ասիկա: Հայ մարդը իր հոգեկան սնունդը ստանալու համար հասցէ չունի: Նիու Եորքի մէջ ալ չկայ: Քալիֆորնիա քանի մը հատ կայ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ պզտիկ հարցեր կան, որոնք լուծումներու դուռ կը բանան:

Մեր կազմակերպութիւնները իրենց շէնքերուն տակ, դէպի դուրսը նայող, ոչ թէ ներսը` զարդի համար, տեղ մը թող բանան: Երեւակայեցէք, երբ որ Հայաստանի մէջ գրախանութները փակուած էին, Գրողներու միութինը խանութ մը բացաւ: Ինծի համար երջանկութիւն էր ատիկա տեսնել: Հիմա խանութները կը բազմանան Հայաստանի մէջ: Երեւոյթ է ասիկա: Պէտք է ընդգծել այս երեւոյթը: Բայց` սփիւռքի մէ՞ջ: Պէյրութի մէջ ալ գրախանութները փակուած են: Մէկ հատ, երկու հատ կան: Ըսել կ՛ուզեմ, որ մենք մեզ մեր արմատներէն կտրելու վրայ ենք: Ասիկա ամբոխին պատասխանատուութիւնը չէ, ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է: Ղեկավարութիւնը երկու քոքթէյլ պակաս թող ընէ, գրախանութ մը թող բանայ: Ընելիք ունինք:

«Ա. Օ.».- Վերջաբան

Յ. Պ.- Վերջաբանիս մէջ կ՛ուզեմ խօսիլ ժամանակակից մանկավարժական վերաբերումին մասին: Ամերիկացի փիլիսոփայ մը, գիրք գրեց, որ դպրոցներու նախակրթարաններուն մէջ փիլիսոփայութեան դաս պիտի դրուի: Այսօր Ֆրանսայի մէջ ատիկա կ՛ընեն: Նախակրթարանի առաջին դասարանին մէջ համալսարանի դասախօսը կու գայ փիլիսոփայութեան դաս կ՛ընէ: Մանուկները մտածելու կը վարժեցնէ: Երանի մենք ասիկա կարենանք ընել ոչ թէ դպրոցներու մէջ միայն, այլեւ` մեր ժողովներուն մէջ, փոխանակ ելլելու եւ կրկնութիւններ ընելու, նախ մտածելու վարժուինք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ այդ հարցումին պատասխանելը կամ չպատասխանելը: Այս` մէկ: Ես      կ՛ուզեմ, որ մեր ժողովուրդը մտածելու վարժուի: Մտածական ընթացքի մէջ մտնէ: Երկրորդ` ես լուրջ մտահոգութիւն մը ունիմ հայ մամուլին նկատմամբ: Հայ մամուլը գործիք չէ: Ժողովուրդին խիղճն է: Պէտք է, որ ժողովուրդին խիղճը ըլլայ: Եւ եթէ եղբայրս ալ սխալ ըրած է, պէտք է կարենամ ատիկա ըսել: Ոչ անպայման` կռիւ յայտարարելով: Ըսելով, որ աւելի լաւը կրնար ըլլալ: Մենք ճամբան քիչ մը շուարած ենք, վերադառնանք: Որովհետեւ առանց ժողովուրդի խիղճը ըլլալու` մամուլը թութակաբանութիւն մըն է: Անոր համար, երբ որ ամէն կողմերու մեր թերթերը կը կարդամ, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, որ կրկնուած դաս մըն է ասիկա: Նոյն տարազները կը կրկնուին: Մինչդեռ կարելի է ուրիշ բան ընել: Եւ երբեմն թոյլ պէտք է տալ, որ տարբեր կարծիքներ արտայայտուին: Ֆրանսական մամուլին մէջ, որ քիչ մը ձախ է, ե՛ւ ընկերվարականը, ե՛ւ համայնավարը կը գրեն, եւ կը հրատարակուի: Ի՞նչ է անպատեհութիւնը: Ընթերցողը թող ընէ ընտրութիւնը: Մենք ալ ասոր պէտք է հասնինք: Ի՞նչ է անպատեհութիւնը, որ ըսէ` այսինչ բանը ասանկ չ’ըլլար, ըսենք, այս պզտիկ քննադատութիւնը, դժգոհութիւնը ժողովուրդը ի՛նքը արտայայտէ, եւ եթէ ինքը արտայայտէ, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայ, որ իր ձայնը կը լսուի, այդ ձայնը լսուելու բեմն է թերթը, եւ այս ուղղութեամբ նաեւ մեր մամուլը յստակ կերպով ընելիք ունի, եւ ոչ թէ միայն կարգախօս կրկնելու: Ուրեմն, բազմաթիւ աշխատատեղեր կան մեր առջեւ բացուած, բայց ատիկա ընելու համար ե՛ւ միջոց պէտք է, ե՛ւ համոզում պէտք է, ե՛ւ տեսիլք պէտք է  իրականացնել կարենալու համար, եւ նաեւ մարդ ալ պէտք է:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Վիրահայոց Թեմն Ընդդէմ Վրաստանի Պետական Մարմինների. Երկու Եկեղեցու Հարցով Թեմը Դիմել Է Թիֆլիսի Քաղաքային Դատարան

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?