Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօն
Քեսապ
Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, 10-14 օգոստոսին Քեսապի մէջ տեղի ունեցան Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առնչուած բազմաթիւ հանդիսութիւններ:
10 օգոստոսին առաջնորդ սրբազանը իր շքախումբով ժամանեց Քեսապ: Ան այցելեց վերանորոգուած Ս. Երրորդութիւն Հայ աւետարանական եկեղեցի եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեց վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին: Առաջնորդը նաեւ հանդիսապետեց Քեսապի ՍՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ համալիրին մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէս-վաճառքին: Սրբազանը բարձր գնահատեց ձեռնարկի իրագործման մասնակցող արուեստասէր հայուհիները` շեշտելով, որ անոնք նմանօրինակ աշխատանքով մշակութային արժէքներուն եւ պատմական բնոյթ կրող ձեռարուեստներուն պահապանն ու տարածիչը կը հանդիսանան: Նոյն օրը, երեկոյեան, համալիրի շրջափակին մէջ Քեսապի ազատագրման եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ, որ կը բովանդակէր երգեր եւ պարեր:
11 օգոստոսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակմուտքի ժամերգութիւն, նախատօնակ եւ միւռոնաթափ աղաւնիի օրհնութեան արարողութիւն: 12 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ս. պատարագ, ապա` խաղողօրհնէք: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յորդորեց հայ մայրերը` հետեւելու Տիրամօր օրինակին, հետեւելու անոր կենցաղին եւ առաքելութեան, որպէսզի հաւատքի հունտերը սերմանեն իրենց զաւակներուն սրտին մէջ, բարոյական մաքրութեան եւ առողջ դաստիարակութեան սկզբունքները սորվեցնեն հայ ընտանիքին հոգեւոր, բարոյական, մարդկային եւ ազգային բարձր իտէալին հասցնելու նպատակով: Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, սկաուտներն ու գայլիկները (Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերը) նաեւ ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցան դէպի համալիրի շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով արտասանուած խօսքերէն ետք, սրբազան հայրը 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ի տողանցքը նկատեց որպէս վերազարթօնքի իսկական դրսեւորում եւ բարձրօրէն գնահատեց ու օրհնեց ՀՄԸՄ-ականներն ու կազմակերպիչները: Սրբազանը այցելեց Գարատուրան շրջանի միութեան պատկանող հողատարածքը, ՀՄԸՄ-ի բանակավայրը, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի յուշաքարի օրհնութիւն եւ բացում` ձեռամբ սրբազան հօր: 13 օգոստոսին Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, «Հրաչ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
14 օգոստոսին Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ աստուածահաճոյ ապրելակերպով կեանքը արժեւորելու վրայ:
Գամիշլի
12 օգոստոսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք` կատարողութեամբ Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի:
13 օգոստոսին, Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ մեռելոց:
Տերիք
12 օգոստոսին Տերիքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը յղեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: 13 օգոստոսին մատուցուեցաւ պատարագ` ի յիշատակ մեռելոց:
Միացեալ Նահանգներ
Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնները
* 29 յուլիսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնատեղին: Օրուան հանդիսավար Թոմիկ Ալեքսանեանը ողջունելով երիտասարդ սփիւռքի նախարարը` ներկայացուց ներկաները: Ապա ան գնահատելով երիտասարդներուն գործունէութիւնը` շնորհաւորեց Հայաստանի նորընտիր երիտասարդ նախարարներու ընտրութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց Խնամակալ մարմինի նախագահ Յակոբ Այնթապլեանը, որ յորդորեց ներկաները` խօսելու մաքուր հայերէնով ու խուսափելու օտար բառեր գործածելէ:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Միացեալ հայ երիտասարդներու անունով Վիլեն Յարութիւնեանը եւ Արութին Յարութիւնեանը, Իրանահայ միութեան երիտասարդական խումբի նախագահ Էռվին Եաղուբեանը, ԻՀՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Յովիկ Գագիկեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն` Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեանը, որմէ ետք «Բարեւ» ծրագիրի ներկայացուցիչ Նունէ Աւետիսեանը արտասանեց «Զգուշ խօսիր Հայաստանում» քերթուածը:
Աւարտին, ելոյթ ունեցաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: Ան վստահութեամբ յայտարարեց, որ սփիւռքի եւ հայրենիքի միացեալ ուժերով պիտի կերտենք աշխարհի ամենահզօր երկիրը:
* 29 յուլիսին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը` ի պատիւ սփիւռքի նախարարին:
* 30 յուլիսին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի, Կլենտէյլի «Փասիֆիք քոմիւնիթի սենթըր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, իսկ յետմիջօրէին, հիւրընկալութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, «Սիթի քլապ Լոս Անճելըս»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում:
* 31 յուլիսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան, այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ: Անոնք առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր անցուցին աղօթքի պահ մը: Այնուհետեւ «Սիւլահեան» սրահին մէջ, փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, առաջնորդ սրբազանը, ողջունեց նախարարն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները` նշելով, որ օրը օրին հետեւած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, նոր կառավարութեան ձեռնարկած բարեփոխութեանց ու ընկերային արդարութիւն հաստատելու ճիգերուն եւ մաղթեց, որ մեր հայրենակիցները մայր հայրենիքի մէջ ապրին ազատ, անկախ, ապահով ու արժանավայել կեանք մը: Ան նշեց, որ սփիւռքի նախարարին գործը առաքելութիւն է, որ կը տարածուի հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն ու գաղութներուն վրայ, իսկ անոր յաջողութիւնը կը կայանայ զիրար լսելու մէջ: Ան հիւր նախարարին ներկայացուց հոգեւոր, ազգային, կրթական ու հրատարակչական մարզերու մէջ Ազգային առաջնորդարանի աւելի քան 45 տարիներու գործունէութեան ամփոփ պատկերը` յոյս յայտնելով, որ այս հանդիպումը կ՛անցնի փոխադարձ ծանօթացման սահմաններն ու կը վերածուի համագործակցութեան նոր մեկնակէտի` ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան առաւել զարգացման: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նախարար Հայրապետեանի առաքելութեան:
Իր կարգին, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանը Հայաստանի ու Արցախի մէկ մասնիկն է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կռուան ու զօրավիգ` Հայաստանի պետութեան ու ամբողջ հայութեան: Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ` առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը ու Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեանը, որոնք գնահատեցին Հայրապետեանին ու սփիւռքի նախարարութեան ջանքերն ու աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր ապագայ գործունէութեան:
Նախարար Հայրապետեանը, իր կարգին, գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` նշելով, որ Հայ եկեղեցին սփիւռքի մէջ եղած է ու կը մնայ հայապահպանման ու հայակերտման կեդրոն, իսկ մեր պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած է այդ իմաստով: Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները` դիտել տալով, որ սփիւռքի հայութեան ղեկը առաջնորդելու յանձնառութիւնը ունեցող կառոյցները լաւապէս կը գիտակցին իրենց դերին ու առաքելութեան եւ իրենց լաւագոյնը ի գործ կը դնեն անոր իրագործման համար. իսկ Ազգային առաջնորդարանին նման հաստատութիւններ կը հանդիսանան ժողովուրդը մեր ազգային ու հաւաքական կարիքներուն կապող ու անոնց գոհացում տուող կեդրոններ:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
* 31 յուլիսին եւ 1 օգոստոսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը հանդիպումներ ունեցաւ համայնքային եւ կուսակցական գործիչներու, հոգեւոր եւ կրթական ներկայացուցիչներու հետ: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ Մարիա Մեհրանեանին, հիմնադրամի աշխատակազմի եւ բարերարներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան վերաբերող հարցեր, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին կատարած աշխատանքին: Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամի ղեկավարներուն հետ զրոյցի ընթացքին Մխիթար Հայրապետեանը բարձր գնահատեց հիմնադրամին առաքելութիւնը եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող մարդասիրական օգնութիւնը: Նախարարը վստահեցուց նաեւ, որ սուրիահայերու խնդիրները սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը հանդիսանան եւ հիմնադրամին հետ նոր գործակցութեան մեկնարկի յոյս յայտնեց:
* Սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան ընթացիկ իրավիճակին շուրջ, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան ապագայ համագործակցութեան ծրագիրներ:
* 6 օգոստոսի «Հայրենիք»-ի շէնք այցելեց Մխիթար Հայրապետեանը:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հետ առնչուող հարցեր: Նախարարը յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին եւ կոչ ուղղեց անմիջական գործակցութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան բնագաւառներէ ներս Հայաստանի ի նպաստ գործող ժողովրդական կազմակերպութիւններուն, որոնք յատկապէս տագնապալի օրերուն կը գործեն եւ իրենց անմիջական ներդրումը կը բերեն:
Այնուհետեւ ան այցելեց ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու պահեստ:
* 4 օգոստոսին Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց, իսկ 5 օգոստոսին նախարար Հայրապետեանը այցելեց շրջանի Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիները, ապա ուղղուեցաւ «Քեմփ Հայաստան»: Նիւ Եորքի մէջ նախարարը հանդիպեցաւ հայկական բանակին հետեւողական աջակցութիւն ցուցաբերող «Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա այցելեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւն: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանակչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն` Զաւէն Խանճեանի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ հոգեւոր դասին հետ: Այլ հանդիպումներ կատարուեցան «Քառնըկ»-ի հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեանին եւ «Դաւիթեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեանին հետ:
Իսկ Ուաթըրթաունի (Պոսթըն) Հայ կեդրոնին մէջ կատարուած հաւաքին ողջունելով ներկաները` նախարար Հայրապետեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ, անկեղծ հիւրընկալութեան համար: Ան հաստատեց, որ ոչ միայն ունինք փառահեղ ապագայ կերտելու պատմական հնարաւորութիւն, այլեւ` լաւ, արժանապատիւ ներկայ ունենալու մեծ նախադրեալներ: Նախարարը ընդգծեց, որ այսօր սփիւռքին աջակցութիւնը եւ սատարումը շատ կարեւոր են հայրենիքի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն համար:
Շուէտ
Լիզպոնի Գործողութեան Նահատակներու
Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
5 օգոստոս 2018-ին, նախաձեռնութեամբ` Շուէտի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հիւսիսեան առանձնակի կոմիտէին, տեղի ունեցաւ Լիզպոնի մէջ նահատակուած հերոսներու եւ վերջերս իր մահկանացուն կնքած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի գործավար Վահէ Յարութիւնեանի հոգիներուն հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Յաւարտ Ս. պատարագին` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան խօսք ուղղելով ներկաներուն հրաւիրեց զանոնք մեր հերոս նահատակներուն յիշատակը յարգելու: Ան շեշտեց, որ անոնք իրենց կեանքը զոհաբերելով ըլլայ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ, արժանի են բարձր գնահատանքի` աւելցնելով, որ Լիզպոնի տղաքը իրենց մահով յաղթեցին մահուան եւ համայն մարդկութեան ուշադրութեան յանձնեցին այն, թէ կայ ժողովուրդ մը, որ իրաւազրկուած է հողերէն, իր բնավայրէն, իր պապենական ինչքերէն:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան եկեղեցւոյ սրահի մէջ ներկաներուն հոգեսուրճ հրամցուեցաւ, աւարտին ցաւակցութիւններ յայտնեցին Կոմիտէի ընկերներուն: