Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեանի Պաշտօնավարման 100 Օրուան Նուիրուած Հանրահաւաք

Օգոստոս 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետը Կը Շեշտէ Սահմանադրական Փոփոխութեան Միջոցով Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարելու Եւ Անցումային Արդարադատութիւնը Կիրարկելու Անհրաժեշտութեան Վրայ

Երէկ` ուրբաթ, 17 օգոստոսին, Երեւանի Արցախի  եւ Էրեբունի փողոցներու քառուղիէն սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած քայլերթը դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:

Հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ վարչապետի պաշտօնավարման 100 օրուան ամփոփման նուիրուած հանրահաւաքը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր քայլերթին սկսաւ այն վայրէն, ուր «Թաւշեայ  յեղափոխութեան» ժամանակ` 21 ապրիլին ուժային կառոյցները բերման ենթարկած էին զինք ու իր կողմնակիցները:

Հայաստանի վարչապետի կազմակերպած երթին ու հանրահաւաքին մասնակցելու համար Երեւան հասած էին հանրապետութեան տարբեր մարզերէն ու Արցախէն բազմահազար քաղաքացիներ:

Նախքան Հանրապետութեան հրապարակ մտնելը, Նիկոլ Փաշինեան մտաւ կառավարութեան շէնք, ապա կէս ժամ անց դուրս եկաւ ու հասաւ  Հանրապետութեան հրապարակ:

Նշենք, որ Փաշինեանի երթին միացած էին կառավարութեան անդամներէն քանի մը անդամներ` բացառապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն: Նախարարներէն ներկայ չէին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ` արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի  անդամ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Մանէ Թանդիլեանը, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան» դաշինքի եւ ՀՅԴ-ի նախարարները:

Փաշինեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներ Պիտի Չըլլան»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին Երեւանի Արցախի եւ Էրեբունի փողոցներու քառուղիէն սկսած քայլերթի ընթացքին  լրագրողներուն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Լրագրողի այն դիտարկումին, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը յայտարարած է, որ հաւանական է` դառնայ նոր Հայաստանի առաջին քաղաքական բանտարկեալը, Փաշինեան նշեց, որ նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան:

«Նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ բանտերուն մէջ մարդիկ պիտի չըլլան, որոնց  կարգին` փտածները», նշեց վարչապետը:

Վարչապետը նաեւ նշեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին պիտի բացառուի նաեւ բռնութիւնը:

«Ներհայաստանեան հարցերու մէջ բռնութիւն պիտի չըլլայ, ես ատիկա  կ՛երաշխաւորեմ, ով որ փորձէ այս կանոնը խախտել, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պիտի պատժուի»,  շեշտեց Փաշինեան:

«Ոեւէ Մէկը Չմտածէ, Թէ Ես Ձեզմէ Թաքուն
Որեւէ Թուղթ Պիտի Ստորագրեմ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է Հայաստանի անունով բանակցելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն, սակայն կը կարծէ, որ Արցախի Հանրապետութեան անունով պէտք է բանակցի Արցախի իշխանութիւնը: Այս մասին հանրահաւաքին  յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանը պատրաստ է հակահարուած տալու  Ազրպէյճանին, բայց նաեւ համաձայն է տագնապի խաղաղ լուծման:

«Մենք պատերազմ չենք ուզեր: Պատրաստ ենք հասնելու խաղաղ լուծման, բայց անոնք, որոնք կը փորձեն կասկածներ յառաջացնել, թէ ես  հող յանձնելու պատրաստ եմ, չեն հասկնար, որ Ղարաբաղի հարցը  լուծող-չլուծողը ժողովուրդն է, ոչ թէ կառավարութիւնը», նշեց վարչապետը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին համաձայն, ինքը բանակցային հոլովոյթին հետ կապուած որեւէ թուղթ պիտի չստորագրէ` առանց ժողովուրդին հետ խորհրդակցելու:

«Եթէ բանակցային հոլովոյթին բերումով պիտի ըլլայ որեւէ տարբերակ, որուն ես կը հաւատամ ու ատիկա լաւ տարբերակ կը նկատեմ, ոեւէ մէկը չմտածէ, թէ ես ձեզմէ թաքուն որեւէ թուղթ պիտի ստորագրեմ: Ես մանրամասն պիտի ներկայացնեմ ձեզի, եւ դուք պիտի որոշէք` ընթանա՞նք խաղաղ լուծման այդ տարբերակով, թէ՞ ոչ», ըսաւ  վարչապետ Փաշինեան:

«Հայաստանի Մէջ Չկայ Քոալիսիոն Կառավարում»

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամփոփեց  կառավարութեան գործունէութեան 100 օրը: Իր ելոյթին ընթացքին ան  շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը չի հասկնար, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ չկայ քոալիսիոն կառավարում: Վարչապետ Փաշինեանը չի կարծեր, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական անկում կայ, հակառակը, ըստ անոր, կ՛արձանագրուին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշներ, որոնք պիտի շարունակեն բարձրանալ:

Ապա վարչապետը թուային ցուցանիշներ մէջբերելով նշեց, որ վերջին երեք ամիսներուն աւելի շատ մարդ եկած է Հայաստան, քան մեկնած, եկամուտներու հաւաքագրումը աւելցած է, արտահանման ծաւալները` նոյնպէս:

Վարչապետ Փաշինեանի համաձայն, վերացած են պանանի, շաքարի եւ պենզինի մենաշնորհները:

Վարչապետը առաջարկեց ստեղծել անցումային արդարադատութեան մարմիններ, որպէսզի փտած դատաւորները չկարենան կանխակալ որոշումներ կայացնել:

Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին: Ան հեգնեց այն անձերը, որոնք արցունք  կը թափեն, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները շատ վատ են: Ինք երկու անգամ Փութինին հետ հանդիպած է, երեք անգամ ալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է անոր հետ:

«Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ո՛չ միայն վատ չեն, այլ լաւ են ու աւելի պիտի լաւանան», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան: Ան տեղեկացուց, որ շուտով պիտի իրադործուի հայ-ռուսական մարդասիրական աննախադէպ ծրագիր մը, ատիկա պիտի ըլլայ համագործակցութիւն մը, որ յստակօրէն պիտի ապացուցէ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան:

«Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կրնան
Տեղի Ունենալ Սահմանադրական Փոփոխութեամբ»

Խօսելով 1 մարտի դէպքերուն մասին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ գործը ամբողջ ծաւալով բացայայտուած է արդէն:

Անդրադառնալով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու  հաւանականութեան` ան նշեց, որ այս պահուն առկայ լուծումները հետեւեալն են, որ վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, որմէ  ետք  խորհրդարանը պէտք է երկու անգամ անընդմէջ չընտրէ  վարչապետ, եւ միայն անկէ ետք կրնան տեղի ունենալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Ապա ան նշեց, որ կայ լուծում մը եւս, այն է` իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, այսինքն` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կրնան տեղի ունենալ ո՛չ միայն վարչապետի հրաժարականի պայմանով, այլեւ խորհրդարանը կրնայ  որոշում կայացնել ինքնալուծարման մասին:

«Այդ փոփոխութիւնները պէտք է ընդունի այդ Ազգային ժողովը, եւ երբ ժողովուրդը ձեւակերպէ ատիկա իբրեւ յստակ պահանջ, մենք ալ կ՛ապահովենք անոր իրականացումը խորհրդարանին մէջ», ըսաւ  վարչապետը:

Այսինքն, ըստ էութեան, սահմանադրական փոփոխութեան միջոցով կարելի է հասնիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, առանց վարչապետի հրաժարականի:

Նախորդը

Ազրպէյճանական 15 Հոգինոց Խումբ Մը Յարձակման Փորձ Կը Կատարէ. Բաբայեան. «Թշնամին Պարբերաբար Կը Դիմէ Նման Քայլերու` Ստուգելու Հայկական Կողմին Պատրաստուածութիւնը Եւ Զգօնութիւնը»

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի Դարձի Աննախընթաց Մրցումը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?