17 օգոստոսին, ժամը 00:00-ի շուրջ, թշնամիի 15 հոգինոց խումբ մը յարձակման փորձ կատարած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նկատած են թշնամիի նախայարձակ խումբին գործողութիւնները եւ վերջիններս ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:
Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չէ ունեցած:
Թշնամիին ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, անդրադառնալով պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկուն վրայ թշնամիին ձախողած յարձակման փորձին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, թէ թշնամին պարբերաբար կը դիմէ նման քայլերու` ստուգելու հայկական կողմին պատրաստուածութիւնը եւ զգօնութիւնը:
«Արտառոց ոչ մէկ բան տեղի ունեցած է: Այս անգամ եւս փորձ կատարեցին եւ լիակատար ձախողեցան: Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկելի, եւ մեր կողմէ թուլութեան որեւէ դրսեւորում եւ խուճապ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ», յայտնած է Բաբայեան:
Բաբայեան նշած է նաեւ, որ իրավիճակը կայուն է, սակայն այդ կայունութեան հիմնական գրաւականը այն է, որ հայկական կողմը միշտ պատրաստ է եւ զգօն:
«Մենք գիտենք թշնամիին նենգութեան եւ ատելութեան աստիճանը: Այդպիսի ահաբեկչական փորձերուն ձախողումը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը կը շարունակէ մնալ պաշտպանութեան բանակի ձեռքին», ըսած է Բաբայեան: