Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Ատհայի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի: Ան մաղթեց, որ Ատհայի տօնը լիբանանցիներուն, արաբներուն եւ իսլամներուն համար ըլլայ բարիքով, կայունութեամբ եւ միասնականութեամբ լեցուն, որպէսզի անոնք կարենան դիմագրաւել ներկայ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Աքքարի եւ Ուատի Խալետի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեանց նախագահներ, որոնց հետ քննարկեց այդ շրջաններուն կարիքները` հաստատելով, որ այդ շրջաններու վիճակին բարելաւման համար պէտք է հիմնել բարգաւաճման խորհուրդ մը:
Պըրրի ընդգծեց այդ շրջաններուն երկրագործական բոլոր կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ ինք կը միտի Պեքաայի եւ Աքքարի բարգաւաճման խորհուրդներ հիմնել, այնպէս ինչպէս կը գործէ հարաւային Լիբանանի բարգաւաճման խորհուրդը:
Պըրրի ընդգծեց, որ այս նպատակով երկու օրինագիծեր արդէն իսկ ներկայացուած են խորհրդարան:
Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` բարձր գնահատելով Աքքարի բարգաւաճման նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերը: