Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները

August 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուխարիի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ու Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանին, որոնք հազարաւոր լիբանանցի ուխտաւորներու առիթ ընձեռեցին Մեքքա ուխտագնացութեան ուղղուելու:

Վարչապետ Հարիրի կարեւորութեամբ ընդգծեց լիբանանեան-սէուտական խոր եւ պատմական յարաբերութիւններուն գոյութիւնը` հաստատելով այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Պուխարի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումը հոյակապ եղած է` ընդգծելով, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան հարցը չեն քննարկած:

Ան նշեց, որ Հարիրիին ներկայացուցած է ուխտագնացներուն մուտքի արտօնագիրներ դասաւորելու հոլովոյթին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկած է սէուտական հիւպատոսարանին աշխատանքները բարելաւելու հեռանկարները:

Պուխարի նշեց, որ դեսպանատունը աշխատանքային 49 ժամերու ընթացքին հինգ հազար արտօնագիր կրցաւ յանձնել իսլամ ուխտագնացներուն:

Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի ընդունեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը, որուն հետ քննարկեց իսլամ ուխտագնացներուն ճամբորդութիւնը դիւրացնելու համար որդեգրուած յատուկ միջոցառումները:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

 

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ատհայի Տօնին Առիթով Պըրրի Շնորհաւորութիւններ Պիտի Չընդունի

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.