Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Դուք Այստեղ Էք Տանտիրոջ Կարգավիճակով», Սփիւռքի Նախարարը Ըսաւ «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներուն
Օգոստոս 10-ին Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը:
Բարի գալուստ մաղթելով մասնակիցներուն նոր Հայաստանի մէջ` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը նշեց. «Ես մեզ` բոլորս կ՛ուզեմ շնորհաւորել երկու իրադարձութեան առիթով: Նախ` անոր համար, որ դուք իսկապէս կը գտնուիք նոր Հայաստանի մէջ, եւ ի հարկէ կը շնորհաւորեմ նաեւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մեկնարկին առիթով: Ասիկա սփիւռքի նախարարութեան համար աննախադէպ ծրագիր է, որովհետեւ նախարարութիւնը երբեւէ միաժամանակ 400 սփիւռքահայ պատանիներ չէ հիւրընկալած: Մեզի համար մարտահրաւէր է, սակայն մենք պիտի կատարենք մեր լաւագոյնը, որպէսզի թերացումներ չըլլան»:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի գործընկերներուն` Հայ-ռուսական համալսարանին, «Teach for Armenia» եւ «Birthright Armenia» հիմնադրամներուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «GG» թաքսի ծառայութեան, «All Inclusive Armenia» եւ «Loft» կազմակերպութիւններուն:
«Ես առաւել քան վստահ եմ, որ դուք գիժի պէս պիտի սիրահարիք այս երկրին, եւ Հայաստանն ալ ձեզ պիտի սիրէ: Կ՛ուզեմ, որ զանազան պատմական-մշակութային վայրեր այցելելէ բացի` երբեմն դուրս գաք եւ հաղորդակցիք նաեւ մարդոց հետ, տեսնէք, թէ որքա՛ն դրական ներուժ պիտի կուտակուի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: Խօսեցէ՛ք, կիսուեցէ՛ք, ճանչցէ՛ք ձեր հայրենակիցները: Դուք պիտի սիրէք զանոնք», ընդգծեց նախարարը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն շատերուն տարիներ անցնելէ ետք կրկին պիտի հանդիպին հայրենի հողին վրայ, եւ նախարարութիւնը ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի անոնք տեղափոխուին Հայաստան:
«Դուք այստեղ հիւր չէք, դուք այստեղ կը գտնուիք տանտիրոջ կարգավիճակով: Միշտ յիշեցէ՛ք, որ կայ մեծ ներուժով փոքր պետութիւն մը` 42 հազար քիլոմեթր տարածքով, որ կը սպասէ ձեզ», այսպիսով ամփոփեց իր խօսքը նախարարը:
Մասնակիցները ողջունեց նաեւ Հայ-ռուսական տնտեսագիտութեան եւ առեւտուրի համալսարանի տնօրէն Էդուարդ Սանդոյեանը: «Մեր համալսարանին մէջ բազմաթիւ սփիւռքահայ ուսանողներ ունինք: Ձեզ նոյնպէս կը սպասենք այստեղ: Բարո՛վ եկած էք եւ բարի երթ», նշեց Է. Սանդոյեան:
Ծրագիրի մասնակիցներուն երաժշտական կատարումներով ողջունեցին երգիչներ` Հայկ Ստուերը, Հայկ Եսայեանը եւ Վլատիմիր Ահարոնեանը: Պատանիները պարեցին, ծանօթացան եւ լուսանկարուեցան սփիւռքի նախարարին հետ:
Այնուհետեւ, ծրագիրին 440 մասնակիցները բաժնուեցան խումբերու: Անոնք, ըստ ծրագիրի, պիտի այցելեն բազմաթիւ տեսարժան, պատմական, հնագիտական արգելոց թանգարաններ եւ այլ վայրեր:
Գիւմրիի Մէջ Պիտի Հիմնանորոգուի 12 Քիլոմեթր Ճամբայ
Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան ֆինանսաւորումով այս տարի Գիւմրիի մէջ պիտի հիմնանորոգուի 12 քիլոմեթր փողոց:
Որոշ փողոցներ շահագործման պիտի յանձնուին դեկտեմբերին, մնացեալը` գալ տարի: Ընդհանուր 23,8 միլիոն եւրօ ֆինանսաւորումով Գիւմրիի մէջ սկսած փողոցաշինութեան ծրագիրի ընթացքին ու առաջ եկած խնդիրներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար վերջերս Գիւմրի այցելած էր դրամատան տնօրէններու խորհուրդի անդամ Ֆրանց Վիքերսը: Ըստ Գիւմրիի քաղաքապետարանին, հիմնանորոգման աշխատանքներու ձգձգումը կախեալ է դրամատան ներքին ընթացակարգերու հետ:
Ընդհանուր առմամբ, աշխատանքներու աւարտին համար նախատեսուած է 210 օր: Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան փողոցաշինական ծրագիրի ծիրին մէջ կը նորոգուին «Կումայրի» արգելոցի փողոցները: Ջիւանիի, Շիրազի ու Վարպետաց փողոցներուն մէջ աւարտած են ստորգետնեայ հաղորդակցութեան համակարգի տեղադրման աշխատանքները: Ինչպէս Ռուսթաւելի, այնպէս ալ այս փողոցներուն վրայ վերգետնեայ համակարգեր պիտի չըլլան: Ծրագիրով նախատեսուած են նաեւ երեք հրապարակներու նորոգութեան աշխատանքներ:
Հայաստանի Կառավարութիւնը «Բոնվառոն» Ընկերութեան Արտօնեց «Մեղրի»-ի Մէջ 195 Միլիոն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիր Իրականացնել
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, «Բոնվառոն» ընկերութեան տրամադրուեցաւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին շահագործողի արտօնութիւն` մշակուող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, համեմատական ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանը յայտնեց, որ նախատեսուած է ծրագիրին ընթացքին արտածման տարեկան ծաւալները 1 միլիոն տոլարէն հասցնել մինչեւ 5,1 միլիոն տոլարի:
«Ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել մօտաւորապէս 195 միլիոն տոլարի ներդրում. պիտի ստեղծուի 102 նոր աշխատատեղ: Արտածման ուղղութիւններն են` Ռուսիա, Վրաստան, Իրան եւ այլ երկիրներ», ըսաւ Մինասեան` աւելցնելով, որ այս ընկերութիւնը առաջինն է, որ կը ստանայ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի մէջ գործունէութիւն իրականացնելու արտօնութիւն:
«Կարեւորը այն է, որ իրականացնենք համակարգում` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ դժուարութիւններու կը բախի ընկերութիւնը, որպէսզի հետագային զանոնք կարգաւորենք», իր կարգին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Փափաքելի Է, Որ Արցախի Այցեքարտ Ժենգեալով Հացը Աշխարհի Մէջ Տարածուի Իտալական «Փիցցա»-ին Պէս. Ալան Ալեքսանեան
Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի «Փոլ Էլուար» տուն-ֆրանսախօս երկիրներու կեդրոն հիմնարկի ծրագիրներու ծիրին մէջ, հայկական արմատներ ունեցող ֆրանսացի խոհարար Ալան Ալեքսանեանը այցելեց Արցախ` ծանօթանալու արցախեան խոհանոցի գաղտնիքներուն, ինչպէս նաեւ` իր հին ու աւանդական բաղադրատոմսերը ներկայացնելու տեղւոյն խոհարարներուն եւ հրուշակագործներուն:
Ալեն Ալեքսանեանը 3-10 օգոստոս Ստեփանակերտի «Վալ-լեքս կարտըն» հիւրանոցային համալիրին մէջ կ՛իրականացնէ խոհարարական դասընթացքներու շարք, որուն կը մասնակցին Արցախի մէջ գործող արտադրական ընկերութիւններու աշխատակիցներ եւ անհատ ձեռներէցներ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ալեն Ալեքսանեանը յայտնեց, որ ինք Արցախ կը գտնուի 28 յուլիսէն ի վեր: Ան այցելեց Արցախի տարբեր շրջաններ, մտաւ պատահական տուներ եւ համտեսեց անոնց պատրաստած արցախեան ուտելիքները:
«Նկատած եմ, որ արցախցիները շատ հիւրասէր մարդիկ են. բոլորն ալ սիրով հիւրընկալեցին զիս եւ մատչելի ձեւով բացատրեցին ուտելիքներու պատրաստման ձեւերը եւ եղանակները, նաեւ խօսեցան անոնց օգտակարութեան մասին: Արցախի օդը մաքուր է, բնութիւնը` կախարդական. այստեղ կ՛աճին զանազան բոյսեր, որոնք զուրկ են արհեստական լրացուցիչ սնուցումէ: Արցախի կլիմայական պայմանները կը նպաստեն այստեղ զանազան տեսակի բոյսերու բազմազանութեան գոյութեան», պատմեց Ա. Ալեքսանեանը` աւելցնելով. «Ես այստեղ եմ ո՛չ միայն ֆրանսական ուտելիքներ ներկայացնելու, այլ նաեւ ծանօթանալու եւ սորվելու Արցախի` դարերէ ի վեր եկող խոհանոցի հարուստ մշակոյթին: Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ Արցախի այցեքարտ ժենգեալով հաց ուտելիքը աշխարհի մէջ տարածուի , օրինակ, իտալական փիցցային պէս»:
Խօսելով արցախեան եւ ֆրանսական խոհանոցներու նմանութիւններուն մասին` խոհարարը ըսաւ, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի ճաշերը եւ բոյսերը տարբեր են. անոնք Արցախի իւրայատուկ բնութեան բարիքներն են:
Անդրադառնալով Արցախին` Ա. Ալեքսանեանը յայտնեց, որ այս երկիրը հեքիաթային է, բայց, դժբախտաբար, քիչերը կը ճանչնան զայն:
«Ես կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի ֆրանսացիներուն մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնեմ դէպի Արցախ, անոր հրաշք բնութիւնը, պատմական-մշակութային մեծ արժէքները, հերոսական պատմութիւնը, հիւրասէր եւ լաւատես մարդը եւ աւանդական խոհանոցը: Համոզուած եմ, որ Արցախը զբօսաշրջիկները պիտի գրաւէ իր մաքուր բնամթերքով», եզրակացուց Ալան Ալեքսանեանը:
«Գնեցէք Հայաստանէն» Նախաձեռնութիւն
Քուէյթահայ գործարար Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ սփիւռքի նախարարին, հայրենի պատասխանատուներու, գործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:
Քննարկումներուն ընթացքին ան ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը. զբօսաշրջիկներուն, ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ այցելողներուն թելադրել տեղական շուկայէն կատարել իրենց անմիջական գնումները, նաեւ նկատի ունենալով հայրենի շուկային մրցունակ գիները եւ ապրանքներուն բարձր որակը: Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ առեւտուրի զարգացման ճամբով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններ եւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան:
Կիրակոս Գույումճեանի «Գնեցէք Հայաստանէն»- «Shop in Armenia» նախաձեռնութեան միանալով կարելի է սատարել հայրենիքի տնտեսական վերելքին եւ հայրենաշինութեան:
7 Երեխաներ Առաջին Անգամ Ըլլալով Լսեցին Շրջապատի Ձայները
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը «Էրեբունի» հիւանդանոցին մէջ ներկայ գտնուեցաւ հնգամեայ Մանէի առաջին անգամ ըլլալով արտաքին աշխարհի ձայները լսելուն: Մանէն եւ 6 երեխաներ եւս հինգշաբթի, 9 օգոստոսին լսելու կարելիութիւն ստացան: Մէկ ամիս առաջ «Էրեբունի» հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու բաժանմունքին մէջ կատարուած երեխաներու ականջախեցիի փոխպատուաստումէն ետք անոնց միացուցին նաեւ խօսակցական գործիք:
Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, վերջին տասը տարիներուն ծանր լսողութիւն ունեցող առաւել քան 100 երեխաներ ստացած են լսելու եւ խօսելու կարելիութիւն: 2004-էն ի վեր «Էրեբունի» հիւանդանոցին մէջ կը կատարուին բացառիկ վիրահատութիւններ` ականջախեցիի տեղադրումներ. բոլոր վիրահատութիւնները, առանց բացառութեան, դրական ելք ունեցած են: Ծրագիրը կ՛իրականացուի «Էրեբունի» ԲԿ քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու բաժանմունքի մասնագէտներու կողմէ` Եու. Սի. Էլ. Էյ. հիւանդանոցի բժիշկ Աքիրա Իշիամայի հետ: Գործընկերը «Հայկական միջազգային բժշկական կազմակերպութիւն-հիմնարկ»-ն է, որուն ղեկավարը Լոս Անճելըսէն Սալբի Ագարակեանն է: Այս հիմնարկին օգնութեամբ ձեռք բերուած են թանկարժէք սարքեր:
Զինուորներու Հիմնադրամը Պիտի Աջակցի Նաեւ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Ընտանիքներուն
Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամը, որ հանրութեան մէջ յայտնի է իբրեւ «1000 դրամներու հիմնադրամ», աջակցութիւն պիտի յայտնէ նաեւ 2015-էն ետք վիրաւորուած եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն: Ցարդ հիմնադրամը կ՛աջակցէր 1 յունուար 2017-էն ետք վիրաւորուած եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
9 օգոստոսին, կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ օգնութիւն պիտի տրուի նաեւ 2016-ի ապրիլեան պատերազմի վիրաւորներուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն:
«Այս օրէնքին հետ առնչուած շատ քննարկումներ եղան, որ ապրիլեան պատերազմի զոհերը, տուժածները այս օրէնքի շահառու չէին համարուիր: Մենք այսպիսով կը լուծենք այդ հարցը», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Տեղի Ունեցաւ «Ամերիկեան Օգնութիւնը 1918-1920 Թուականներուն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Մէջ» Խորագիրով Ցուցահանդէսին Բացումը
«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկեան օգնութիւնը 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ» պատմական լուսանկարներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու բացառիկ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը:
«Նարեկացի» արուեստի միութենէն կը յայտնեն, թէ առաջին անգամն է, որ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերուն բազմաթիւ արհաւիրքներէ փրկելու «Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան» կամաւորականներ Ճան Էլտըրի եւ Ճէյմզ Էրոլի գործադրած գերմարդկային ջանքերու պատմութիւնը` հիմնուած Էլտըրի անձնական օրագիրին, անոր մակագրած լուսանկարներուն եւ պահպանած բնօրինակ ծառայողական փաստաթուղթերուն վրայ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգներով, որոնք հնչեցին Անոյշ Պարքլիի կատարումով, նուագակցութեամբ` Յարութիւն Թագուորեանի:
«Աստուծոյ կամքով եւ նախախնամութեամբ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ Ամերիկայի եւ հայոց պատմութեան կարեւոր փուլի մը վրայ, երբ երկու ամերիկացի Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան կամաւորներ միասին կանգնեցան եւ դիմակայեցին անարդարութեան` փրկելով բազմաթիւ հայ որբերու կեանքերը», բացման խօսքին մէջ յայտնեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանը եւ Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան նուիրեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան իւրայատուկ պարգեւատրումը` միութեան խորհրդանիշով փոքրիկ խաչքար:
«Այս ցուցահանդէսին գաղափարը եկաւ, երբ Ճան Էլտըրի թոռնիկը իրենց ձեղնայարկէն գտնելով իր մեծ հօր արխիւները` զանոնք յանձնեց Ռուբէն Ատալեանին, որ այս բոլորը հաւաքագրեց եւ ներկայացուց ձեր ուշադրութեան», իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ամերիկայի հայկական համագումարի խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեան:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էր Եւրոպական Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան գործադիր տնօրէն Վարդան Համբարձումեան, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Ցուցադրութեան ներկայացուող այլ ամերիկացիներէն են` Թիֆլիսի մէջ Ամերիկայի հիւպատոս Ֆ. Ուիլլուկպի Սմիթ, որ կ՛աջակցէր մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու գործունէութեան, Ռապըրթ Մըք Տաուըլ, որ ռազմաճակատ կը գտնուէր, երբ թրքական ուժերը ներխուժեցին եւ ասպատակեցին Ալեքսանդրապոլը` Գիւմրին, դոկտոր Ճան Մէյն` Այոուա նահանգի «Կրիննըլ» համալսարանի նախագահը, որ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին կողմէ ականատես եղաւ Հայաստանի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին, միսիոնար Կրէյս Նեփ եւ Ամերիկեան երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան երկարամեայ նախագահ Ճան Մոթ, որ իր ընկերոջ` նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի խրախուսանքով երիտասարդ ամերիկացիներ ուղարկեց այնտեղ, ուր զինուորներու թիկունքին քաղաքացիական աջակցութիւն ցուցաբերելու կարիք կար:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Ռաֆիկ Մանսուրը, Զաւէն Սարգսեանը, Հայկ Դեմոյեանը եւ այլ հիւրեր:
Ցուցահանդէսը ներկայացուցին Ամերիկայի հայկական համագումարը, Ուաշինկթընի մէջ Հայկական ազգային հիմնարկը (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ օգոստոս 25: