Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով` Մհեր Մարգարեան նշանակուած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի Ա. մասի Բ. կէտի.
«Մհեր Մարգարեանը նշանակել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ (նստավայրը` Նիւ Եորք)», նշուած է հրամանագիրին մէջ:
Այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր Զոհրապ Մնացականեան, մինչեւ անոր արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը: