Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները:
Լոս Անճելըս Ֆ. Ք. – Հիուսթըն Տինամօ մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ (երկարաձգումէն ետք ալ), դիմուեցաւ փենալթիներու, որոնց շնորհիւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց Տինամօ:
Լոս Անճելըսի կազմէն տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան, որ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (6-րդ, 78-րդ եւ 9-րդ):
20 տարեկան հայազգի յառաջապահը միջազգային եւ ամերիկեան մամուլին անդրադարձներուն մէջ ձգած է լաւ տպաւորութիւն:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Սփորթ Հունքայօ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սփորթ Ռոզարիոյի:
Յաղթական կազմին չորրորդ կոլը (81-րդ) նշանակեց 31 տարեկան հայ ֆութպոլիստ Խուաքին Պօղոսեան, որ դաշտ ներկայացաւ 74-րդ վայրկեանին: