Բանանց Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք մասնագէտին շնորհակալութիւն յայտնեցին:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, անոր կազմը նուազագոյն հաշիւով պարտութիւն մը կրեց նորեկ Արցախէն:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան եղած է նաեւ Միքայի, Ալաշկերտի եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը: