ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մինակ մի՛ մնաք: Մի՛ զլանաք ձեր կարծիքը եւ օգնութիւնը ոեւէ մէկու: Զրուցեցէք ինքնավստահութեամբ, ճկունութեամբ եւ կատարեալ ազատութեամբ: Մի՛ ընդունիք ձեզի յարմար չեղող պայմանները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ճամբորդութիւնները պիտի շատնան: Պիտի մասնակցիք խորհրդաժողովներու եւ քննութիւններու: Գնահատագիր մը կամ ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Հաշտութիւն մը պիտի կնքէք: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք: Յաջող հեռաձայնային կապեր եւ այցելութիւններ պիտի ունենաք: Դրական շրջան մըն է: Պիտի ծանօթանաք նոր հորիզոններու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ջիղերը զսպեցէք, որպէսզի խնդիրները չբարդանան: Զիջումներ պիտի կատարէք կամ ձեր սխալները պիտի սրբագրէք: Առանց վերապահութեան` ընդունեցէք ուրիշներուն կարծիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ականջի ետեւ մի՛ նետէք առողջական հարց մը: Աշխատանքային գետնի վրայ որոշ ծախսեր պիտի ծագին: Հանգստանալու կարիքը ունիք: Աշխատանքային նոր ծրագիր մը պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր հանդարտութիւնը պահեցէք: Կարգաւորեցէք ձեր գործերը: Կանուխ գացէք աշխատանքի: Օգնութիւն խնդրեցէք ձեր սիրելիներէն եւ ընկերներէն: Մի՛ տագնապիք, այլ օգտագործեցէք ժամանակը ձեր շահերուն համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յարմար շրջան է` կրկնելու նախկին փորձը եւ շարունակելու ճիգերը: Յաջողութեան հասնելու համար ամէն ճիգ ի գործ դրէք: Աչքառու եւ գեղեցիկ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ոչ տեղին խօսքեր մի՛ ուղղէք: Բազմատեսակ գործունէութիւններ պիտի տանիք: Ընտանեկան ջերմ հանդիպումներ պիտի ունենաք: Կարեւոր այցելութիւն մը պիտի տաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քննարկելու եւ զրուցելու կարողութիւն ունիք: Նեղութիւն պիտի զգաք կարգ մը ընկերներէ: Պիտի նեղանաք յանդիմանութիւններէն: Հոգ պիտի տանիք ձեր ընտանեկան պարագաներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Որոշում մը պիտի տաք եւ նոր ծրագիր մը պիտի սկսիք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ նոր էջ մը պիտի բանաք: Աշխուժ շրջան մըն է: Առանց երկմտանքի` առաջ անցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարողութիւնը ունիք փոխելու ձեր պայմաններուն ընթացքը: Յարմար լուծումներ գտնելով պիտի զբաղիք: Յոգնեցնող ամիս մը պիտի ըլլայ: Ճնշումներ եւ մրցակցութիւններ պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ամրանան ձեր եւ ձեր ընկերներուն եւ պատասխանատուներուն յարաբերութիւնները: Հակառակ կողմին հետ պիտի հաշտուիք: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Դիւրութեամբ պիտի համակերպիք պայմաններուն: