ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ|
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱՍԻՍ ԵՊՍ. ԶՕՊՈՒԵԱՆ
(Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի)
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը:
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
ՄԵՌԵԼՈՑ
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի ուխտի օրուան առիթով, սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը, շաբաթ 11 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, մասնակից դառնալու Պիքֆայայի վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին:
Հանդիսաւոր այս առիթով, արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ մեր ժողովուրդին իր հայրական պատգամ փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Տօնական այս առիթով, դէպի Պիքֆայա մեր հաւատացեալ ժողովուրդին երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով, մասնաւոր փոխադրակառքեր տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն մէջ.
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց
Ֆանար` ակումբին առջեւ
Ռաուտա (Էհլան)
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից
Զալքա ակումբին կից
Անթիլիաս` Սիմիթեան շէնքեր
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Հաճըն եւ Ռմէյլ` նախկին Փուռ Փատովային կից
Փոխադրակառքերը վերոնշեալ վայրերէն պիտի մեկնին երեկոյեան ճիշդ ժամը 6:00-ին եւ Ս. պատարագի աւարտէն կէս ժամ ետք ժողովուրդը պիտի վերադարձնեն Պէյրութ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ խաղողօրհնէք կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ Ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, լսելու հայր սուրբին պատգամը եւ վերանորոգուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով եւ ելեկտրականութեամբ, Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք, Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:
Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
Ծախու յարկաբաժին, Պուրճ Համուտի շրջան,
Սենթ Ռիթա փողոց, 100 քառ. մեթր:
Հեռ. 03-414649:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, 5-րդ յարկ:
Հեռ. 03-557007: