Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ արժանթինցի ֆութպոլի աստղ` Լիոնել Մեսսի, պիտի ըլլայ խումբին նոր խմբապետը:
Այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ նկատի ունենալով այն, որ քաթալոնիական ակումբէն հեռացաւ խմբապետ Անտրես Ինիեսթան:
Երկրորդ խմբապետն է Սերճիօ Պուսքեթց, մինչ անոր կը յաջորդեն Ժերար Փիքէ եւ Սերճի Ռոպերթօ: Այս մասին նշուեցաւ Պարսայի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: