Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերաիսոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Զլաթքօ Տալիչ պիտի շարունակէ մարզել երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը:
Այս որոշումը կայացաւ Տալիչի եւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Տաւոր Սիւքերի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:
Նշուեցաւ, որ 51 տարեկան մասնագէտին հետ յառաջիկայ շաբաթ նոր պայմանագրութիւն մը պիտի կնքուի:
Նշենք, որ նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ ան պիտի լքէ իր պաշտօնը եւ հեռանայ ազգային խումբէն: