Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ անցեալի ֆութպոլի աստղ, պրազիլցի Փելէ ծախեց Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող իր շքեղ ապարանքը, ուր ան ապրեցաւ 40 տարի` Նիւ Եորքի մէջ ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք:
Օրին ան այդ ապարանքին համար վճարած էր 120 հազար փաունտ:
Հինգ ամիս առաջ ծախու հանուած այս ապարանքը ի վերջոյ վաճառուեցաւ 2.08 միլիոն փաունտի:
Նախապէս անոր համար կը պահանջուէր 2.5 միլիոն փաունտ: