ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն ընդհանուր միջին ժամերու ընդհատումը եղած է 296 ժամ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակացոյցին, յուլիս ամսուան իւրաքանչիւր քիլոուաթ /ժամի սակ ճշդուած ըլլալով 338 լիբ. ոսկի, հետեւաբար բաժանորդներէն պիտի գանձուի միայն 100.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփերի փոխարէն:
—————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ|
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱՍԻՍ ԵՊՍ. ԶՕՊՈՒԵԱՆ
(Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի)
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը:
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018
ՄԵՌԵԼՈՑ
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ խաղողօրհնէք կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ Ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, լսելու հայր սուրբին պատգամը եւ վերանորոգուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՈՒԽՏԵՐԹՈՒԹԻՒՆ
Այսու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, օրհնութեամբը` Ս. աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ին տեղի պիտի ունենայ ուխտերթութիւն մը, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք:
Սոյն ուխտերթութեան նպատակն է, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն, իմաստութիւն եւ երկնառաք օրհնութիւն հայցել ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, աշխարհի ղեկավարներուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց, մեր բանակին, մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ մեր զաւակներուն համար:
Ուխտերթութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն:
Ձեր մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ, Աստուածամայր Մարիամի բարեխօսութեամբ եւ մեր կեանքերը Քրիստոսով այլակերպելու վճռակամութեամբ ու փափաքով, բարձրանանք այն լեռը, ուր պիտի հանգչի մեր սիրտն ու հոգին:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով եւ ելեկտրականութեամբ, Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք, Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:
Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, 5-րդ յարկ:
Հեռ. 03-557007: