Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Պաշտօնական Մօտեցումները` Արցախի Մէջ Բարեփոխումներուն Վերաբերեալ

August 2, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունեցած է, որոնց օրակարգը երկրին մէջ գործադրուելիք բարեփոխումներու վերաբերեալ միտքերու փոխանակումն էր: Այդ շարքին նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջին հանդիպումներէն մէկը ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչներուն հետ էր:

Առաջնորդուելով ներկազմակերպական աւանդութիւններով եւ ընթացակարգով` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն համապատասխան քննարկումներ կազմակերպած է կուսակցական լայն շրջանակներու հետ. այդ քննարկումներուն հիմամբ ձեւաւորուած եւ նախագահին  ներկայացուած է հրատապ բարեփոխումներու առաջարկներու ամբողջական փաթեթ:

Մեզի համար կարեւոր է, որ առաջարկուած բարեփոխումներուն զուգահեռ լայնածաւալ աշխատանքներ իրականացուին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, վերաբնակեցման եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ եւս: Համոզուած ենք, որ 2020-ին նախատեսուող ընտրութիւններու  նախօրեակին քաղաքական կուսակցութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները առիթ պիտի ունենան իրենց առաջարկները ներկայացնելու նաեւ այս ոլորտներուն մէջ:

Անդրադառնանք ՀՅԴ-ի կողմէ ներկայացուած` մինչեւ 2020 Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայունութիւն եւ զարգացում ապահովելու համար իրականացուելիք հրատապ բարեփոխումներու շուրջ` ՀՅԴ Ապառաժի կառոյցի մօտեցումներուն ու տեսլականներուն: Առաջարկներու փաթեթը բաղկացած է 6 գլուխներէ, որոնք կը ներառեն Սահմանադրութեան բարեփոխումներու, օրէնսդրական դաշտի, կառավարման համակարգի, վերահսկողական ոլորտի, տնտեսական հարցերու եւ հասարակութեան մէջ հնչեղութիւն ունեցող հարցերու  մասին յստակ եւ վճռական քայլերու փաթեթ:

Կառավարման համակարգին մէջ մենք առաջարկած ենք կուսակցութիւններու դերակատարութեան բարձրացում, ինչպէս նաեւ` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու լիազօրութիւններու յաւելում ու պետական մարմիններու մէջ երիտասարդ եւ արհեստավարժ ուժերու ներգրաւում:

Սահմանադրական բարեփոխումները Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն անհրաժեշտ են իշխանութեան կեդրոնացումը ցրելու եւ Ազգային ժողովի դերը կառավարման համակարգին մէջ աւելի ազդեցիկ դարձնելու ուղղութեամբ:

Տնտեսական մարզին մէջ հասարակութեան մօտ առկայ է կասկածամտութիւն: Հասարակութիւնը յաճախ անարդար նկատած է  իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուող բազմաբնոյթ մրցումներն ու զանազան մարզերու մէջ պետական պիւտճէի միջոցներով տրուող օժանդակութիւններն ու արտօնութիւնները: Անհրաժեշտ է հասարակութեան մօտ փարատել այդ կասկածները, եւ ատիկա կարելի է միայն ու միայն թափանցիկ գործունէութեամբ: Կառավարութեան գործունէութեան վրայ հանրային վերահսկողութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ազատ եւ անկաշկանդ զանգուածային լրատուամիջոցներու առկայութիւն:

ՀՅԴ-ն միշտ պատրաստ եղած է երկրի կառավարման ասպարէզին մէջ ստանձնելու պատասխանատուութիւն` միաժամանակ ունենալով իր տեսլականներն ու մօտեցումները երկրի կառավարման ու զարգացման ուղղութեամբ: Մեզի համար կարեւոր է նմանօրինակ քննարկումներու  շարունակութիւնը` առողջ քննադատութիւններու խորապատկերին վրայ  տեսակէտներու բիւրեղացումը: Մենք կարեւոր կը նկատենք նաեւ բարեփոխումներու հանրայնացման ուղղութեամբ գործնական միջոցներու կիրարկումը:

Նախորդը

Ըստ Հիքմեթ Հաճիեւի. Մամետեարով-Մնացականեան Հանդիպումը Սեպտեմբերին` Նիւ Եորքի Մէջ

Յաջորդը

Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորման Դէմ Վերաքննիչ Բողոք Ներկայացուեցաւ

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.