Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով աւստրալիական կառավարութենէն աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են հարուածելու Իրանի հիւլէական կեդրոնները, որոնց դիրքերու ճշդման օժանդակած են աւստրալիացի զինուորներ:
«Բրիտանական մասնայատուկ ուժերը պիտի մասնակցին թիրախներու դիրքերու ճշդման գործողութեան», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով.«Աւստրալիոյ հիւսիսը գոյութիւն ունի զինուորական գաղտնի կեդրոն մը, որ տրամադրուած է ամերիկեան, բրիտանական, աւստրալիական, քանատական եւ նոր զելանտական մասնայատուկ ուժերու, եւ պիտի օգտագործուի ճշդելու համար Իրանի մէջ այն դիրքերը, որոնք պիտի հարուածուին, բան մը, որ կրնայ իրողապէս տեղի ունենալ այս տարուան օգոստոսին»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մայիս 2018-ին յայտարարեց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի հետ 2015-ին կնքուած Գործողութիւններու համապարփակ եւ միացեալ համաձայնագիրէն, որովհետեւ Իրան «չէ յարգած» հիւլէական ծրագիրէն հրաժարելու պայմանները:
Այդ յայտարարութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը սկսած էին տարբեր պատժամիջոցներ հաստատելու վերաբերեալ փոխադարձ սպառնալիքներ ուղղել: