Մեքսիքայի որոշ շրջաններու մէջ չափազանց տաք եղանակին պատճառով յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ որոշ տեղերու մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է +50 աստիճանի:
Երկրի ներքին գործոց նախարարութիւնը Մեքսիքայի 31 նահանգներէն 24-ին մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ յունիսի սկիզբը Մեքսիքայի իշխանութիւնները անբնական տաքին պատճառով դարձեալ արտակարգ դրութիւն յայտարարած էին 22 նահանգներու մէջ: