Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 25, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներէն մէկը «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք պիտի հրաժարին, եթէ կառավարութիւնը մերժէ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց զգուշացնելու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ կը փորձէ Լիբանանի մէջ ներքին գրգռութիւններ հրահրել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ ամերիկեան լրտեսութիւնը իսրայէլեանին համազօր կը նկատուի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանան  համաշխարհային տնտեսական տագնապը կը դիմագրաւէ արտակարգ ճկունութեամբ եւ փորձառութեամբ` շնորհիւ իր տնտեսական բաց քաղաքականութեան:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքոյի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, յայտնեց, որ ձախողելէ ետք Թարշիշի մէջ հեռաձայնային գիծերու ցանց մը հաստատելու իր ծրագիրին մէջ, Հըզպալլա նոյն աշխատանքը կը փորձէ իրագործել Զահլէի մէջ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները տակաւին յստակ որոշում մը չեն տուած կառավարութենէն հրաժարելու իմաստով, եթէ կառավարութիւնը մերժէ ֆինանսաւորել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ գիշեր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլը, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Մարուան Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Խալետ Զահրամանի հետ: Քննարկուեցան երկրին վերաբերող հարցերը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի շեշտեց, որ յառաջիկայ 30 նոյեմբերը պիտի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարականի թուականը:

ԱՊՐՈՒՍՏԻ սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ աշխատավարձի յաւելումը, որպէսզի կարելի ըլլայ մինչեւ նոյեմբերի աւարտ վերջնական որոշումի մը յանգիլ այդ գծով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջած է համբերել, նախքան Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման թղթածրարը քննարկելը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ԶԱՀԼԷԻ պլոքի երեսփոխան Անթուան Ապու Խաթեր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կազմակերպելիք քաղաքական փառատօնը կը միտի Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքները վերահաստատել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահը ընդգծած է, որ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին, եթէ մերժուի Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորել:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Նաուար Սահիլի եւ Ալի Մըքտատ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆա: Քննարկուեցան Պեքաայի ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:

ԽԱԼՏԷԻ, Շուէյֆաթի, Հատաթի եւ Կալերի Սըմաանի շրջաններուն մէջ դեղարաններ գողութեան ենթարկուած են, իսկ Սայտայի եւ Պար Էլիասի շրջաններուն մէջ գողցուած են երկու ինքնաշարժներ:

 

Նախորդը

ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՌԱՊԱԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ԿԷՍՕՐ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ

Յաջորդը

ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՐԻՐԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.