Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՌԱՊԱԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ԿԷՍՕՐ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ

November 25, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդի նիստը

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի երէկ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդը երէկ իր գումարած ժողովին ընթացքին սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղած է «մինչեւ ուրբաթ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Գահիրէի մէջ» ստորագրելու Սուրիա դէտերու պատուիրակութիւն մը ուղարկելու արձանագրութիւնը:

Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, Արաբական լիկայէն պաշտօնատար մը  յայտնած է, որ արաբ նախարարները որոշած են շաբաթ օր լիկայի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ժողով մը գումարել քննարկելու համար Դամասկոսի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը:

Մինչ այդ, Սուրիոյ կեցուածքին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ փոխանցուեցան: Մինչ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Սուրիա արձանագրութիւններուն համաձայն գտնուած է, սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիա նշեալ արձանագրութիւնը չէ ստորագրած:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարը արձանագրութեան շուրջ վերապահութիւնները անոր միացնելու իր երկրին պահանջը ներկայացնելէն ետք հեռացած է ժողովէն, որ ընթացած է սուր վէճերու մթնոլորտի մը մէջ:

Ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիս չտրուեցաւ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, նախարարները կիրակի օր դարձեալ ժողով պիտի գումարեն: ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները ՄԱԿ-էն պիտի խնդրեն Սուրիոյ տագնապի լուծման իրենց ջանքերուն օժանդակել:

«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ
ՎԵԹՈՆ ԱՍԱՏԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹՆ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՐԿԻԼՈՎ

Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով յայտարարեց, որ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ վերաբերող որոշումին դէմ Ռուսիոյ օգտագործած վեթոն միջազգային բեմին վրայ իր օրինական կարգավիճակը պահպանելը արտօնող նախագահ Ասատին վերջին առիթն էր»:

Մարկիլով նշեց, որ «ռուսական վեթոն սուրիական վարչակազմին ուղղուած լուրջ պատգամ մըն էր, թէ Մոսկուա Դամասկոսը պաշտպանելու բոլոր միջոցները սպառած է»: Ան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու եւ բարեփոխումներ ու ազատ ընտրութիւններ կատարելու:

Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահը վերահաստատեց Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը` յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը երկխօսութեան եւ խաղաղ ճանապարհով կրնայ տագնապը առանձինը լուծել:

Մարկիլով քննադատեց իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը մերժող ընդդիմութեան կեցուածքը` յայտնելով, որ «քաղաքական տագնապը լուծել կարելի չէ, եթէ առնչակից կողմերը մերժեն զիրար լսել»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Բրիտանիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ «դժբախտաբար Սուրիա հասած է կէտի մը, ուրկէ ետդարձ չկայ»` աւելցնելով, որ սուրիական տագնապին պատճառով «ամբողջ շրջանը կրնայ իրարանցումի եւ արիւնահեղութեան մատնուիլ»:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը սուրիական իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց  8-ամսեայ արշաւին համար: Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով: Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտարարեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը Սուրիոյ անունով խօսելու միակ օրինական կողմն է: Ան նշեց, որ Ֆրանսա Եւրոպական Միութենէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու ընտրանքը քննարկել:

 

Նախորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՇԽՈՂ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԹԱՀՐԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ՀԱՅՑԷ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.