Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 19, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանը Այցելեց «Գանձասար»-ի Խմբագրատուն

10 յուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը այցելեց «Գանձասար»-ի խմբագրատուն եւ ծանօթացաւ խմբագրակազմին եւ անոր աշխատանքի եղանակին, յատկապէս` պատերազմի տարիներուն: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական զարգացումները եւ ՀՅԴ Բիւրոյի մօտեցումները:

Շնորհահանդէս Եւ Գինեձօն «Արեգնատենչ Հորիզոններ» Գիրքին

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս եւ գինեձօն` երէցկին Սեւան Հանէշեան-Պիտուրեանի «Արեգնատենչ Հորիզոններ» գիրքին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհի Սօսի Կարճիկեանը: Ան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ըսաւ. «Քեսապը միշտ ունեցած է մշակոյթին եւ գրականութեան հետեւող տասնեակէ մը աւելի հմուտ անձեր, իսկ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը, իր կարգին, միշտ քաջալերած է գրասէրներն ու հայ մշակոյթին ներդրում ունեցողները ու սատար հանդիսացած է անոնց»: Օրուան հանդիսավար Մարալ Կարճիկեանը ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները:

Յայտագիրին մասնակցեցաւ նաեւ Սարին Հանէշեան,որ իւրայատուկ ոճով ասմունքեց հեղինակին գիրքէն ընտրուած փունջ մը բանաստեղծութիւններ:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը` ներկայացնելու գիրքին բովանդակութիւնը:

Քահանայ հայրը դիտել տուաւ որ. ««Արեգնատենչ հորիզոններ» գիրքը նուիրուած է Քեսապին: Այս երկու բառերուն ընդմէջէն հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ հորիզոնները, որոնք արեգակին տենչանքը ունին, արեւին տենչը ունին, միշտ այդ արեւի փնտռտուքին մէջ են: Գիրքը 103 բանաստեղծութիւններէ բաղկացած հատոր մըն է եւ ունի 11 գլխաւոր բաժիններ: Հեղինակին համար Քեսապը շատ ցցուն ներկայութիւն մըն է այս գիրքին մէջ: Ինք ապրելով, մեծնալով եւ սնանելով այս գիւղին մէջ, իր բոլոր գրութիւններուն աղբիւրը եւ խորքը դարձուցած է գիւղին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնները, կեանքը, ապրումները, եւ անոր համեմատ ինք կը ներկայացնէ այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք իսկապէս մեր նորօրեայ շրջանին մէջ քաջալերելի եւ դիւրաւ ու հաճոյքով ընթեռնլի են»: Ան նախքան գիրքին գլխաւոր բաժիններուն ներկայացումը, յայտնեց, որ այս գիրքը տպագրուած է Հալէպի մէջ` որպէս «Այգ» մատենաշարի 24-րդ հատոր, հրամանաւ Բերիոյ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է եւ կը հանդիսանայ մեր երիտասարդ սերունդին, որպէսզի անոնք սնանին ու մեծնան հայ գրականութեան եւ մշակոյթի անդաստանէն ներս: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ սրբազան հայրը յատուկ խնամք եւ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր անոնց, որոնք գիրի եւ գրականութեան առաքեալներն են:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը` գլխաւորութեամբ երկու հոգեւոր հովիւներուն եւ հեղինակին, ապա բոլոր ներկաները, որպէս նուէր, ստացան հեղինակին կողմէ մակագրուած գիրքէն օրինակներ:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նարեկ քհնյ. Զերէնցեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Նոր Ջուղա

Ջաւախքին Նուիրուած Բարեգործական Դաշտահանդէս

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան, համագործակցութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 29 յունիսին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Ջաւախքին եւ ջաւախահայութեան նուիրուած բարեգործական դաշտահանդէսը:

Տեղի ունեցան հետաքրքրական խաղեր, երգ-երաժշտութիւն, նաեւ` ուտելիքներու վաճառք: Տաղաւար մը յատկացուած էր նաեւ նուիրահաւաքի, ուր փափաքողները առիթը ունեցան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու` ի նպաստ Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան:

Յայտնենք, որ դաշտահանդէսի հասոյթը պիտի յատկացուի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ հիմնուած «Ջաւախք» հիմնադրամին:

Իտալիա

Վերջին Հրաժեշտ` Տոքթ. Յարութիւն Քէօշէեանին

Չորեքշաբթի, 11 յուլիսին, Ս. Ղազար կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտը` տոքթ. Յարութիւն Քէօշէեանին: Ան ծնած է 66 տարի առաջ, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: 1980-էն ի վեր ընտանիքի բժիշկ էր Քաւալինօ Թրեփորթի մէջ: 16 տարեկանին հասաւ Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարան, ուր ուսանեցաւ, ապա աւարտեց բժշկական ճիւղը` Փատուա քաղաքին մէջ, մասնագիտանալով սրտաբանութեան մէջ: Յարութիւն Քէօշէեանը վեհանձն եւ մարդկային անձնաւորութիւն մըն էր` ըստ բոլոր անոնց, որոնք կը ճանչնան զինք: Միշտ ուզած է օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք յայտնուած են իր ճամբուն վրայ: Որպէս հպարտ հայ` աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Վենետիկի եւ շրջակայքի հայ համայնքի գործունէութեան մէջ: Որպէս վստահելի բժիշկ` կ՛ապրէր Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար կղզիին մէջ: Հայաստանի 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք օգնած է բազմաթիւ մանուկներու, որոնք կորսնցուցած են իրենց ծնողները: Ասիկա մէկ օրինակ էր իր կատարած բարեսիրական նախաձեռնութիւններէն: Երաժշտութիւնը իր կիրքերէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ` Վենետիկը, որ կը համարէր երկրորդ տունը, որուն բժիշկը երգ նուիրած է:

Շուէտ

Հանդիպում` Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարար Մարկոթ Վալսթրընի Հետ

5 յունիսին Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալսթրընը հանդիպում ունեցաւ Սոտերթելիոյ համայնքային 50-է աւելի ներկայացուցիչներու հետ: Ներկայ էին ներկայացուցիչներ հայ համայնքէն` 5 հոգի, եկեղեցական խորհուրդէն` երկու անձեր, ինչպէս նաեւ Հայ դատի եւ համայնքային վարչութենէն` երկու:

Հանդիպումի ընթացքին ներկաները ծանրացան Շուէտի վարչապետի այն յայտարարութեան վրայ, որ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան` գործադիր իշխանութեան կողմէ ընդունման ուղղութեամբ որեւէ աշխատանք չտանելուն: Այս առումով, հայ համայնքի ներկայացուցիչները արձանագրած էին իրենց բողոքը, որուն ի պատասխան` արտաքին գործոց նախարարը խօսած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին` հիմնաւորելով, որ ճանաչումը անհրաժեշտ է ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը բացառելու համար: Մարկոթ Վալսթրընը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի արդիւնաէտ գործունէութեան եւ այդ ծիրին մէջ համագործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւններուն մասին:

Հանդիպումի աւարտին Հայ դատի Շուէտի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Եանըքեանը նախարարին նուիրեց պատմաբան Վահագն Աւետեանի շուէտերէնով գիրքը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարին Հանդիպումը Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

29 յունիսին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը հանդիպում ունԵցաւ հայ համայնքի նԵրկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումի, ընթացքին նախարարը շԵշտԵց սփիւռքի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` փոխադարձ մշակութային ձեռնարկներու  փոխանակումով, ինչպէս` ցուցահանդէսներ, թատրոններ եւ այլն: Ան հաստատեց այս նախաձեռնութիւնը կը հարստացնէ Հայաստանը, աւելցնելով, որ այդ հոգեւոր սնունդը  անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքին:

Լիլիթ Մակունցը անդրադարձաւ նաեւ մշակոյթի նախարարութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն, մշակութային ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն, ծրագիրներուն եւ ապագայի տեսլականին: Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ ան նաեւ նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատանք տանի, որպէսզի Հայաստանէն արտագաղթած մշակութային գործիչները ցանկութիւն ունենան վերադառնալու հայրենիք:

Լիլիթ Մակունցը ըսաւ, որ պիտի ստեղծուի խորհրդատուական մարմին մը, ուր պիտի ներգրաւուին արուեստի տարբեր ճիւղերու արհեստավարժ մշակութային գործիչներ, նաեւ`  սփիւռքէն, հաստատելով, որ սփիւռքահայերու տաղանդը կենսնական է մշակութային վերածնունդը բոցավառելու համար եւ «Քրիէյթիւ Արմինիա» կազմակերպութեան հետ իրենց համագործակցութիւնը գործընթացի առանցքային մասն է:

Իր կարգին, «Քրիէյթիւ Արմինիա»-ի փոխնախագահ Ալեք Մուհիպեանը, խօսեցաւ Հայաստանի  մշակոյթի նախարարութեան հետ հաստատուած համագործակցութեան մասին:

Եգիպտոս

ՀՀ 100-ամեակի Տօնակատարութիւնը Եւ Գարմեն Աճեմեանի Աշուղական Ոգեշունչ Համերգը

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր»-ի շրջանակին, վերջերս Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ 100-ամեակին նուիրուած աշուղական երգերու համերգ` կատարողութեամբ Լիբանանէն հրաւիրուած երգչուհի Գարմեն Աճեմեանի:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով հանդէս եկաւ տոքթ. Արմէն Մազլումեանը, որ շեշտեց, թէ մայիս ամիսը հայոց պատմութեան մէջ յաղթանակներու ամիսն է` իր մէջ ունենալով անկախութեան խորհուրդ եւ ազատութեան գաղափարը, եւ 28 մայիսը փաստ մըն է, որ ջարդի ենթարկուած ժողովուրդ մը վճռակամութեամբ եւ միացեալ ուժերով ռազմադաշտ իջնելով` նուաճեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ

Ապարանի հերոսամարտերը: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր եւս մեր ազգը կ՛ապրի անկիւնադարձային շրջան մը, աւելցնելով, որ համահայկական հիմնական խնդիրը մեր անկախ հանրապետութեան հզօրացումը, միասնականութիւնն ու Արցախի անվտանգութիւնն է: Ան կոչ ուղղեց համախմբուելու եւ ծառայելու հայութեան եւ հայրենիքին` բարձր պահելով մայիսեան յաղթանակներու խորհուրդը եւ զայն փոխանցելով հայ երիտասարդ սերունդներուն, պահպանելու համար մայիս 28-ով կերտուած հայրենիքը:

Այնուհետեւ յաջորդաբար ողջոյնի խօսք ուղղեցին ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեանը եւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանը:

Նանոր Գասարճեանը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց երգչուհի Գարմեն Աճեմեանի կենսագրական տուեալները, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Գարմեն Աճեմեանը աշուղական երգերու ընտիր ու ճոխ փունջով մը:

Յայտնենք, որ երգերը յաճախ վերածուեցան խմբերգներու` խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:

Հոլանտա

ՀՕՄ-ի Նոր Մեկուսի Մասնաճիւղի Հիմնում

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) 30 յունիսին Ալմելօ քաղաքին մէջ հիմը դրաւ ՀՕՄ-ի Հոլանտայի մեկուսի մասնաճիւղին: Նոր մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ՀՕՄ-ի կառոյցներուն թիւը կը հասնի 27 երկիրներու, ուր ՀՕՄ-ը իր մասնաճիւղերով գործօն դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

Առաւել քան հարիւր հայրենակիցներ հաւաքուած էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ուր բացատրողական յայտագիրին ընթացքին Հայ օգնութեան միութեան ծաւալուն գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տրուեցան:

Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Աւագեանը նոր մասնաճիւղին նուիրեց ՀՕՄ-ի դրօշակը, որպէսզի անիկա հպարտութեամբ ծածանի նորաստեղծ մասնաճիւղի աշխատանքներուն ընթացքին: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտելով կարեւորութիւնը սփիւռքի նոր գաղութին մէջ այս կազմակերպութեան հիմնադրութեան` ան ըսաւ. «Յոյս ունիմ եւ համոզուած եմ, որ նոր մասնաճիւղը իր առաւելագոյնը պիտի տայ իր գաղութին եւ հայրենիքին` միշտ հետապնդելով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ նպատակներուն թէ՛ շրջանի եւ թէ՛ կեդրոնականի մակարդակներու վրայ»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով մը:

Վրաստան

Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» Կեդրոնի Ս. Ներսէս Շնորհալի Երգչախումբին Հաշուետու Համերգը

4 յուլիսին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ելոյթ ունաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մարիա Աբուլեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարէն Միրզոյեանի:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեանը խօսք առնելով, անդրադարձաւ երգչախումբին գործունէութեան` ընդգծելով, որ ան  թեմին մէջ երգարուեստի զարգացման կենարար աղբիւր է:

Երգացանկը կը բաղկանար դասական, ժողովրդական, հայրենասիրական, հայերէն, ռուսերէն եւ վրացերէն երգերէ:

Հայաստանի Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Ալթունեանը ելոյթ ունենալով` ընդգծեց հայրենիքէն դուրս երեխաներու սիրտին մէջ հայկականութիւն սերմանելու, հայ մշակոյթով մեծցնելու կարեւորութիւնը:

«Արմէնիա Ինֆօ»-ի լրագրող Կարինէ Յովսէփեանը իր խօսքին մէջ ուրախութիւն, զարմանք եւ հպարտութիւն արձանագրեց, որ հայրենիքէն դուրս ապրող մանուկներու շրթներէն կը տարածուէր նման հայաշունչ, հայրենասիրական երգեր:

Աւարտին, գնահատակաան խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը, որ արժեւորեց գեղարուեստական բարձր ճաշակով, կատարողական մեծ վարպետութեամբ ներկայացուած ելոյթները, գնահատեց «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավարներուն աշխատանքը` երեխաները համախմբելու եւ հայ մշակոյթը անոնց մէջ սերմանելու: Սրբազան հայրը երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց նաեւ  ծնողներուն, որոնք գիտակցելով իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, զանոնք կ՛ուղղեն «Հայարտուն» կեդրոն:

«Արարատ» Միութեան Պարախումբը` Պաթումի Միջազգային Փառատօնի Մրցանակակիր

1- 2 յուլիսին «Պաթում արթ սենթր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ երգի եւ պարի միջազգային փառատօն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին պարային խումբեր` Հայաստանէն, Էսթոնիայէն, Լիթուանիայէն, Թուրքիայէն, Պուլկարիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Լաթվիայէն եւ այլ երկիրներէ: Սոյն փառատօնին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան պարախումբը ներկայացաւ ինքնատիպ ելոյթներով եւ որպէս արդիւնք` նուաճեց լաւագոյն «Կրան փրի» մրցանակը:

Մօտաւորապէս 50 հոգիէ կազմուած «Արարատ»-ի պատուիրակութիւնը ձեռնարկին ներկայացաւ երկու տարբեր անուանակարգերու մէջ: Մրցոյթի դատակազմը կը բաղկանար յառաջատար մասնագէտներէ, որոնք գնահատեցին մասնակիցներուն կատարողական վարպետութիւնը, շարժումներու արուեստը, ներկայացման կառուցուածքը, տաղանդը եւ այլ կարեւոր հանգամանքներ:

Նշենք, որ երկար տարիներ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան պարախումբը դարձած է հայ պարարուեստի պահպանման իւրօրինակ դարբնոց:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արամի Պատգամը

Յաջորդը

Ժամանում

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?