2018-ի մոնտիալին մասնակցած ֆութպոլիստները այս տարի ամառնային քիչ մը կարճ արձակուրդ առնելով պիտի վերամիանան իրենց ակումբներուն` պատրաստուելու համար 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան:
Գլխաւոր հինգ երկիրներու ախոյեանութիւնները կը սկսին յառաջիկայ ամսուան երկրորդ շաբաթավերջէն սկսեալ:
Նախ կը սկսին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնները` 11 օգոստոսին: Անոնց կը յաջորդեն Սպանիա (18 օգոստոս) եւ Իտալիա (19 օգոստոս): Վերջինը կը սկսի Գերմանիա` 24 օգոստոսին:


