Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, ՖԻՖԱ-ն սահմանեց այն նիւթական պարգեւները, որոնք պիտի ստանան մոնտիալին մասնակցող բոլոր խումբերը:
Ախոյեան հանդիսացած Ֆրանսա, պիտի ստանայ 38 միլիոն ամերիկեան տոլար: Փոխախոյեանին` Խրուաթիոյ գանձելիք գումարն է 28 միլիոն, իսկ երրորդ դիրքը գրաւած Պելճիքա պիտի ստանայ 24 միլիոն ամերիկեան տոլար: Անգլիա, որ երրորդ դիրքի մրցումին պարտութիւն մը կրեց, պիտի ստանայ 22 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Քառորդ աւարտականին հասած խումբերը կը ստանան 16-ական միլիոն, 1-16-րդ հանգրուան հասնողները` 12-ական միլիոն, իսկ այն խումբերը, որոնք մրցաշարքին հրաժեշտ տուին Ա. հանգրուանէն կը ստանան 8-ական միլիոն:



