Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յառաջապահ Արշակ Քորեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Խիմքիի հետ, յայտնեց հայկական մամուլը:
Կողմերը կնքեցին վարձակալութեան պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ այս տարուան աւարտը, յայտնեց Լոքոմոթիւի պաշտօնական կայքը:
23 տարեկան Քորեան նախորդ տարեշրջանին մաս կազմեց Լոքոմոթիւի: Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին ան մասնակցեցաւ 3 մրցումի:



