Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտը թատերաբեմը դարձաւ ֆութպոլի միջազգային իւրայատուկ մրցումի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անցեալի անուանի ֆութպոլիստներ:
Այս մրցումին Լատին Ամերիկայի կազմը 5-2 արդիւնքով յաղթեց Եւրոպայի հաւաքականին:
Եւրոպական կազմին կոլերը նշանակեցին Լուիս Ֆիկօ եւ հայազգի ֆութպոլիստ` Եուրի Ճորքայեֆ, իսկ յաղթական կազմին կոլեր նշանակեցին Կապրիել Պաթիսթութա, Խաւիէ Սաւիոլա, Տուէյն Տէ Ռոզարիօ (2 կոլ) եւ Պեպեթթօ:
Այս յիշատակելի մրցումի Բ. կիսախաղին պատուոյ թրիպիւնէն հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Մրցումին աւարտին վարչապետ Փաշինեան ուղղուեցաւ հանդերձարան եւ տեսակցեցաւ երկու կազմերու ֆութպոլիստներուն հետ` անոնց հետ արծարծելով այս մարզին վերաբերող նիւթեր:
Այս մրցումին նախաձեռնողը` Փիւնիկի սեփականատէր Արթուր Սողոմոնեան, վարչապետ Փաշինեանին նուիրեց բոլոր ֆութպոլիստներուն ստորագրութիւնը կրող մարզաշապիկը:
Վարչապետը, յատուկ լուսանկար մը նկարուեցաւ նաեւ Եուրի Ճորքայեֆի հետ` անոր հետ կարճ զրոյց մը ունենալէ ետք:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին մասնակցողներուն, անոնց կարգին էին Խորէն Յովհաննիսեան, Ռայըն Կիկզ, Հրիսթօ Սթոյիչքով, Ռիվալտօ, Ալտայիր եւ ուրիշ շատեր: