
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 8 յուլիսին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ժամացոյցի դէմ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած ակումբներէ 50 մարզիկներու, որոնց միացան նաեւ լիբանանեան բանակէն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերէն հեծելանւորդներ:
Տեղի ունեցան մեծերու (32,8 քմ) եւ երիտասարդներու ու մասթըրզի (24,6 քմ) մրցումներ: Անոնց ընթացքին առաջին անգամ կիրարկուեցաւ Թայմինկ-քոտ ժամացոյցներու արհեստավարժ ընկերութեան դրութիւնը:
Մասթըրզի մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ապտալլա Աար (Պայք Լուպնան), որ արձանագրեց 48′ 14″ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սալահ Ռապպահ (Շեպիպեթ Սալաաթա, 50′ 38″), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Գէորգ Ալթունեան (50′ 39″):
5-րդ հանդիսացաւ Յակոբ Քէշիշեան (Շեպիպեթ Սալաաթա, 51′ 50″):
Երիտասարդներու մրցումին, երկրորդ հանդիսացաւ Քարլ Տեմիրճեան (Շեպիպեթ Սալաաթա, 40′ 23″), իսկ առաջին դիրքը գրաւեց Եան Պուզան (Պայք-Լուպնան, 39′ 14″):
Սակայն, ըստ ֆետերասիոնի ներքին կանոնագիրին, 2018-ի երիտասարդներու ախոյեան հռչակուեցաւ Քարլ Տեմիրճեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն, ինչպէս նաեւ «Սքոթ» հեծանիւներու ընկերութեան ներկայացուցիչ Իսսամ Մուպարաքի:
Նշենք, որ «Սքոթ» ընկերութիւնը մինչեւ 2020 Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին գլխաւոր հովանաւորն է: