Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մոսկուայի բանակայիններու կեդրոնի յետսապահ Սերկէյ Իկնաշեւիչ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Շաբաթ մը ետք 39 տարիքը թեւակոխող ռուս մարզիկը մտադիր է մարզիչ դառնալ: Ան դեկտեմբերին պիտի ստանայ մարզիչի իր արտօնագիրը:
Իկնաշեւիչ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ երկրի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով իր կատարած ներկայացումներով մրցանշակիր է:
Ան 2018-ի մոնտիալին Ռուսիոյ կատարած բոլոր հինգ մրցումներուն ալ մասնակցեցաւ:



