– Այսօր` Ֆրանսա – Պելճիքա
Կիսաւարտականի Ճակատումը
– Վաղը` Անգլիա – Խրուաթիա
Երկու օրուան հանգիստէ մը ետք, այսօր Ռուսիոյ մէջ կը վերսկսի 2018-ի մոնտիալը, երբ տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի առաջին ճակատումը` Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի միջեւ:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Անտրես Քունքա (Ուրուկուէյ): Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան կը կիրարկէ 4-2-3-1 խաղաոճ մը, իսկ Պելճիքայի մարզիչը` Ռոպերթօ Մարթինեզ` 3-4-3:
2006-ի մոնտիալէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով Ֆրանսա պիտի փորձէ հասնիլ աւարտականին, մինչ Պելճիքա… առաջին անգամն ըլլալով:
Պելճիքա նախապէս Մեքսիքայի մէջ հասած է 1986-ի մոնտիալի կիսաւարտականին, ուր սակայն պարտուած է Արժանթինէն:
1998-ի մոնտիալը հիւրընկալած Ֆրանսա այդ տարին տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելով Պրազիլի:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` Լուզնիքիի մարզադաշտին վրայ, իրարու դէմ պիտի հանէ (միեւնոյն ժամուն) Անգլիան եւ Խրուաթիան:



