
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆեռնանտօ Հիերօ, որ 2018-ի մոնտիալի ազդանշանին տրուելէն մէկ օր առաջ միայն ստանձնեց իր պաշտօնը` փոխարինելով Խիւլեն Լոփեթեկին, յայտարարեց, թէ կը լքէ իր պաշտօնը:
Ան նոյնիսկ հրաժարեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ իր ստանձնած թեքնիք տնօրէնի պաշտօնէն, հակառակ անոր որ ան գործող պայմանագրութիւն մը ունէր անոր հետ:
Սպանիա այս մոնտիալին չկրցաւ տպաւորիչ ելոյթներ ունենալ:
Երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ Հիերոյի փոխարէն մարզիչ նշանակուեցաւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ, որ մինչեւ Եւրոպայի 2020-ի ախոյեանութեան աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին հետ:


