Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, Սիլվըրսթոնի կրան փրին (Անգլիա) աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթելի յաղթանակով: Վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 27′ 29″: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (2″ ուշ), իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Վեթելի խմբակից ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (3″ ուշ):
Յաւելեալ 25 կէտ ապահովելէ ետք, Վեթել վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 171 կէտ:
Հեմիլթըն, որ իր հայրենիքին մէջ ապահովեց 18 կէտ, այժմ 163 կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ, իսկ 15 կէտ ապահովելով Ռայքոնըն 116 կէտով երրորդ է: Վերջինս ցարդ ոչ մէկ կրան փրիի հանդիսացած է առաջին:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն` «Ֆեռարի» (287 կէտ), «Մերսետես» (267) եւ «Ռետ-Պուլ» (199):



