Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

5 Յուլիս 1921. Արցախը Ազրպէյճանին Բռնակցելու Ստալինի Հայակործան Որոշումը

July 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յուլիս 5-ին, 1921 թուականին, աղէտաբեր տարեթիւ մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար:

97 տարի առաջ` 5 յուլիս 1921-ին, այսպէս կոչուած` «Ռուսական Կոմունիստական կուսակցութեան Կ. կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոն», առանց օրինականութիւններ փնտռելու եւ կարգուկանոն յարգելու, ստալինեան կամայական որոշումով մը Ղարաբաղը պոկեց խորհրդային մականի տակ առնուած Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ բռնակցեց արդէն խորհրդային կարմիր դրօշ պարզած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան:

Ոչ միայն ապօրինի այդ որոշումին յաջորդած տարիներուն եւ տասնամեակներուն, այլեւ 1988-ի փետրուարին թափ առած արցախեան շարժումէն ետք ալ, շատ մելան հոսեցաւ ստալինեան այդ կամայական, անօրինական եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմաքաղաքական լուսաբանման եւ դատապարտման համար` ամբողջ եօթանասուն տարի թեր ու դէմ հակադիր ճամբարներու բաժնելով հայ քաղաքական մտքի հոսանքները:

Իսկ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ու Արցախի Հանրապետութեան պատմակերտ նուաճումներէն ասդին` հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութիւններով իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման այժմէական արծարծման եւ իրաւական արժեւորումին վրայ:

Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը: Հիմնաւորած է, թէ ինչո՛ւ ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած, եւ պարզապէս Ռուսաստանի մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ազրպէյճանին:

Երկրորդը հիմնաւորած է իրաւագիտական յենակէտները ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային լիիրաւ ճանաչումին` իբրեւ քաղաքական-իրաւական հիմքը արցախեան հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին:

Ի պատասխան ազրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան` Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ազրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ ամբողջ Ղարաբաղը` դաշտային թէ լեռնային, երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին:

Արդարեւ, եթէ 1921-ին Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ազրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա` բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ազրպէյճանի, այլ ոչ թէ` անկախ եւ իբր թէ «ժողովրդավարական» Ազրպէյճանի:

Աւելի՛ն. բռնակցումին Ստալին փորձած էր տալ խորհրդային սահմանադրական հիմնաւորում` 1923-ի յուլիս 7-ին արհեստականօրէն կեանքի կոչելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ մը, որ սակայն 1991-էն ետք կորսնցուց այդ առումով եւս իրաւական ամէն շինծու հիմնաւորում, երբ նոյնինքն Ազրպէյճան մերժեց ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնն ու անոր սահմանադրութիւնը եւ դուրս եկաւ ԽՍՀՄ կազմէն, նոյնիսկ` նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը:

Այլ խօսքով, նոյնինքն 5 յուլիս 1921-ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան:

Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական կայսրութեան անկումէն ետք, Կովկասի մէջ սկսած ազգային պետութիւններու «ձեւաւորման» փուլին, ամբողջ Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ մէկ կողմէ ազգային-պատմական իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ Անդրկովկասի թաթարաբնակ տարածքներէն ձեւաւորուած նորելուկ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ:

Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւթաթարական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը:

Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:

Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ազրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտի եւ Ռուսական կայսրութեան անկման պատճառով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915-ին գործադրութեան յանձնուած ցեղասպանութեան ոճիրը:

1918-1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու ցնորական ծրագրով տարուած, թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի (Գանձակ, Ա.) մէջ:

Բայց նոյնինքն Ղարաբաղի մէջ թուրքեւազրպէյճանական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած` նահանջի դիմեցին, հակառակ անոր որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920-ի մարտ 23-ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը` կոտորուած:

Ճիշդ այդ ժամանակ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան:

1920-ի դեկտեմբեր 1-ին Ազգերու լիկայի 5-րդ կոմիտէն, իր 3-րդ ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ազրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը` Ազգերու լիկային անդամակցելու:

Օրին Ազգերու լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, եւ այդ որոշումին շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առնչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ` Ազրպէյճանը: Այսպէ՛ս, 1918-1920 թուականներուն, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ:

Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը:

1920-ի դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն ետք, Կարմիր բանակի զօրքերը, յատկապէս` կարմիր համազգեստ հագած ազերիներով լեցուած, առանց սպասելու Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի իրաւավիճակի միջազգային իրաւական խաղաղ լուծման, բռնագրաւեցին հայապատկան զոյգ տարածքները:

Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ «վիճելի տարածքներուն»` Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի Հայաստանի անբաժանելի մաս ըլլալը:

Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ազրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր արդէն Խորհրդային Ազրպէյճանին:

«Վիճելի տարածքներ»-ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921-ի յունիս 21-ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:

Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան դեկրետը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ազրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն: Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ազրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրկանն էր, 1921-ի յունիս 22-ին լոյս ընծայեց դեկրետը: Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական քայլը Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ:

Միացման այդ քայլը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ` Ռուսաստանը, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու լիկայի գլխաւոր քարտուղարին` Ազգերու լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի (նախարարութեան` իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու 11-րդ նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ:

Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»-ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ազրպէյճանի եւ «վիճելի տարածքներ»-ու խնդրին, այդ շարքին նաեւ` Ղարաբաղի նկատմամբ:

Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Մոսկուայի ցուցմունքով վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկելու Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:

Այսօր արդէն հանրագիտական հաստատուած տեղեկանք է, որ` «ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը (նստաշրջանը), արհամարհելով Ազգերու լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն` իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեքանիզմ (աշխատակարգ), 1921-ի յուլիս 5-ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակթի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին` այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով»:

Ահա՛ նման` ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921-ի յուլիս 5-ը:

Այդ առումով ալ մեր օրերուն կատարուող աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումները, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ապագային վերաբերեալ անարդար քաղաքական լուծում մը կը փորձեն պարտադրել` առանց հայ քաղաքական մտքին համաձայնութիւնը ապահովելու, փաստօրէն այդպիսով կը կրկնեն ստալինեան մեծ ոճիրը, որովհետեւ ազգային իր հունէն դուրս կը բերեն Հայոց Պետական Տունը` փորձելով զայն սոսկ լծորդ դարձնել մեծապետական ուժերու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հաշիւներուն եւ ախորժակներուն:

 

 

Նախորդը

Եկեղեցին Հայկական

Յաջորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.