ՊԵՏԻԿ
Կիրակի, 1 յուլիսին Անթիլիասի մայրավանքի մթնոլորտը Թէքէեանի տողերը կենդանացուց ու այդ խորհրդաւոր բառերը դարձան տեսանելի…
Եկեղեցին հայկական
Ծննդավայրն է հոգւոյս…
Բոլոր ներկաները դարձան ականատես վկաները այս ծննդավայրին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 23-ամեակին նուիրուած այդ օրը, մանուկներու այնքան անմեղ ու զուլալ շարականներու երգեցողութեամբ, մեզ դարձուցին Թէքէեանի տողերուն վկաները:
Մեղրիկ սրբազանի անխոնջ աշխատանքին արգասիքն էր մեզի հրամցուած: Լսա՞ծ էք «Տէ՛ր, ողորմեա»-ն մանուկի մը շրթներէն… Մենք ապրեցանք ու վերապրեցանք «ձագուկներուն» շարականներուն հետ ու շօշափելիօրէն տեսանք, որ հայ հոգին, որուն ծննդավայրն է Հայ եկեղեցին, աննկուն կը մնայ ու չի կքիր դարերու բեռան տակ: Աշխարհացրիւ հայը` հաւատարիմ իր եկեղեցիին, հոգւոյն ծննդավայրին, հպարտ ու անսասան կ՛ապրի, դարերու ընդմէջէն կը դիմագրաւէ բոլոր դժուարութիւնները` զինուած իր հաւատքով: Վեհափառ հայրապետը այս մթնոլորտին մէջ վերանորոգեց իր ուխտը, ու «ձագուկներուն» այնքան անմեղ երգեցողութիւնը դարձեալ հնչեց վեհարանին մէջ` յուզելով բոլոր ներկաները:
Լիբանանահայութիւնը շնորհակալ է Մեղրիկ սրբազանին` իր այս նախաձեռնութեան համար:
Վա՛րձքդ կատար, սրբազա՛ն հայր: