Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Կը Շարունակուի` Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերուն Վերահսկողութեամբ

July 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ առաւօտեան Լիբանանի մէջ գտնուող 400 սուրիացի տեղահանուածներ ուղղուեցան իրենց գիւղաքաղաքները:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արսալի գաղթակայաններուն մէջ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներ կամովին վերադարձան իրենց բնակարանները` Քարա եւ Ժարաժիր, Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ու լիբանանեան բանակին վերահսկողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի գերագոյն ներկայացուցչութեան հետ գործակցութեամբ:

Նշենք, որ լիբանանեան Կարմիր խաչը օժանդակեց տեղահանուածներու փոխադրութեան գործողութեան` բժշկական ծառայութիւններ մատուցելով երեխաներուն, տարեցներուն եւ յղի կիներուն:

Այս առիթով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ նշանակուած է տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու պարտականութեամբ,  յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին տեղահանուածներուն Սուրիա տեղափոխութեամբ կ՛աւարտի այդ առաքելութեան երրորդ փուլը:

Իպրահիմ շեշտեց, որ յառաջիկայ փուլերուն ընթացքին Սուրիա վերադարձող տեղահանուածներու թիւը շատ աւելի պիտի ըլլայ`  նկատի ունենալով սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ Սուրիոյ հողերուն վրայ ապահով վայրերուն ընդարձակումը:

Իպրահիմ բարձր գնահատեց տունդարձը կազմակերպելու եւ լիբանանեան պետութեան օժանդակելու Հըզպալլայի նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պարզապէս կ՛աջակցի այդ աշխատանքին, որ կը մնայ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան վերահսկողութեան եւ հակակշիռին տակ:

Միւս կողմէ, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է վճռորոշ կեցուածք յայտնէ տեղահանուածներու տունդարձին մէջ լիբանանեան պետութեան դերակատարութիւնը լուսանցքայնացնելու

Հըզպալլայի արարքին նկատմամբ` նկատի ունենալով, որ ան երկրին սահմանադրութեան եւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան պաշտպանն է:

Մերեհպի խստիւ քննադատեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի բանեցուցած ճնշումները` տեղահանուածներու տունդարձին գծով:

Իր կարգին, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի, որ այժմ ստանձնած է տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքին համադրումն ու պատասխանատուութիւնը, ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յապաղում կ՛արձանագրէ եւ կը ձգձգէ տեղահանուածներու վերադարձը, եւ այդ պատճառով է, որ Հըզպալլա սուրիական իշխանութիւններուն հետ համադրաբար ձեռնարկած է այս աշխատանքին, որ լիբանանեան պետութեան շահերուն կը ծառայէ:

Նշենք, թէ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու գծով Հըզպալլա կ՛օժանդակէ ազգային հարցի մը լուծման` ապահովելով լիբանանցիներուն եւ սուրիացիներուն շահերը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ արեւմտեան երկիրները պէտք է քաջալերեն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը, որ անոնց քաղաքացիական արդար իրաւունքն է` հեռու քաղաքական մանրամասնութիւններէն:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մօտիկ ապագային յայտարարելու ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող իր յանձնախումբերը, որոնք կապ պիտի հաստատեն Սուրիա վերադառնալ փափաքող սուրիացի տեղահանուածներուն հետ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի եւ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմուած յանձնախումբերուն հետ կապ հաստատած են հազարաւոր սուրիացի տեղահանուածներ եւ փափաք յայտնած վերադառնալու իրենց բնակարանները:

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումը Ժխտական Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Պետական Հաստատութիւններուն Վրայ» Շեշտեց Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը

Յաջորդը

Վարդավառի Նշում` Հայաստանէն Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.