Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումը Ժխտական Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Պետական Հաստատութիւններուն Վրայ» Շեշտեց Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը

July 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի նիստին, որմէ ետք կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն վերջ տալու տարակարծութիւններուն եւ բանավէճերուն` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:

Խորհուրդը ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ պետական հաստատութիւններու եւ ժողովուրդի շահերուն վրայ:

Խորհուրդը դրուատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ի գործ դրած բոլոր ջանքերը` վերացնելու համար բոլոր խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Խորհուրդը զարմանք յայտնեց քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ լիբանանեան ազգային եւ շրջանային հարցերը լուծելու ինքնագլուխ որոշումներուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ նման քայլեր կը ջլատեն պետութեան պաշտօնական դերակատարութիւնը, որուն վրայ իրենց յոյսը դրած են արաբական եւ միջազգային ընտանիքները:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն երկրին տնտեսական, ընկերային եւ յատկապէս կրթական մարզերուն սպառնացող տագնապները լուծելու` նկատի ունենալով հետզհետէ անոնց ստացած վտանգաւոր բնոյթը:

Խորհուրդը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Մաքասետ իսլամական բարեսիրական միութեան դիմագրաւած տագնապը` շեշտելով միութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ խորհուրդը բարձր գնահատեց միութեան պարզած իրավիճակը բարելաւելու նպատակով հանրապետութեան միւֆթիին սկսած արշաւը, որուն առաջին ընդառաջողներէն եղաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Նախորդը

Փանօ Զօրակցութիւն Յայտնեց Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Կը Շարունակուի` Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերուն Վերահսկողութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.